2012-ին Հայ Մարզիկները Տիրացած Են 150 Մետալի
Հայաստանի Հանրապետութեան մարզական հաւաքականները աշխարհի եւ Եւրոպայի պատանիներու, երիտասարդներու եւ մեծերու ախոյեանութիւններուն տիրացած են 30 ոսկի, 46 արծաթ եւ 74 պրոնզ մետալներու, ընդհանուր հաշիւով` 150 մետալի, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:
Պետական աջակցութեան ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ֆետերասիոններուն կողմէ կազմակերպուած է 130 ուսումնամարզական հաւաք, տեղի ունեցած է Հայաստանի 92 ախոյեանութիւն, ինչպէս նաեւ հայ մարզիկները մասնակցած են աշխարհի եւ Եւրոպայի 135 ախոյեանութիւններու:
Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մետալներով պարգեւատրուած են 39 մասնագէտներ, իսկ մարզական վարպետի կոչումին արժանացած են 85 անձեր, կ՛եզրափակէ հայկական աղբիւրը:
CATEGORIES Մարզական

