Բակօ Սահակեան Դրամական Պարգեւներ Յանձնեց Մարզիկներուն
Երէկ` հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ 2012-ին բացառիկ յաջողութիւններ արձանագրած մարզական բնագաւառի խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ:
Իր ելոյթին ընթացքին նախագահը անդրադարձաւ հանրապետական մարզական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւններուն եւ յառաջիկայի ծրագիրներուն:
Ան կարեւոր նկատեց մարզական կեանքին մէջ Արցախը արժանավայել կերպով ներկայացնելու անհրաժեշտութիւնը` միջազգային մակարդակի վրայ:
Երկրին ղեկավարը, շնորհաւորելէ ետք ներկաներուն նոր տարին, դրամական պարգեւներ յանձնեց 2012 տարուան ընթացքին իրենց արդիւնքներով բարձր ցուցանիշներու հասած խումբ մը մարզիկներու եւ մարզիչներու:
Այս հանդիպումին ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արա Յարութիւնեան, պաշտօնատարներ եւ այլ անձեր:

