50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1962)
Տոմսեր
Նորը` Հինն Է…
Եթէ մարդ օրացոյցին չնայի իսկ, ճամբու վրայ` գունաւոր թուղթէ տոպրակներ կրող բազմութիւնը, բարեսիրութեան արձագանգ փնտռող զանգակներու ձայնը, եւ մեր բարեսիրական հաստատութեանց կոչերը կը յիշեցնեն, թէ դարձեալ մօտեցած են մեծ օրերը` քրիստոնէութեան ու ազգային կարիքի…
Հաւաքական աշխուժութիւն, եռուզեռ կը տիրէ հրապարակի վրայ, ու ամէն մարդ պատրաստ է կարծէք բան մը գնելու:
Այս օրերուն կարելի չէ Հեմինկուէյի հետ անձկութեամբ հարցնել` «որո՞ւն համար կը հնչեն զանգակները»:
Զանգակները կը հնչեն բոլորիս համար եւ բարենպատակ ձայնով: Մանաւանդ` «ի մարդոց հաճութիւն»:
Օրուան կարգախօսն է «տո՛ւր» կամ «ծախսէ՛», որովհետեւ «տալով է, որ առաւելապէս կը ստանանք», ինչպէս ըսած է սուրբը, եւ կը կրկնեն… առեւտրականները:
Ու զանգակները կը հնչեն` տալու պարտականութեան հրաւիրելով ամէնքը: Մեղեդիներ կը լսուին տեղ մը, մեղմ ու խորունկ թափանցումով, որ մարդոց հոգիին կը հասնի ու կը գգուէ ընտիր զգացումները` առատաձեռնութեան, սիրոյ, եւ զոհաբերութեան:
Մեզ մօտ այս տօնական օրերը կ՛արթնցնեն նաեւ կարօտի զգացումը: Չկայ հայ մը, որ հին կեանքի մը կարօտը չունենայ: Յուշ կամ յուշագրութիւն չունենայ:
Մանաւանդ` հայրենի երկրին ձայնը, որ նոյնիսկ պատմութիւն դարձած` կը խառնուի մեծ պողոտաներու ժխորին, Ծննդեան մեղեդիներուն, եւ կարծէք աղաչանքով կը կրկնէ. «Մի՛ մոռնար զիս…»:
Երկար փորձառութիւն մը մարդիկը կը բերէ այն հակիրճ եզրակացութեան, թէ ազգերն ալ դժուար կը պահեն իրենց խոստումները…
Որքան ալ հաճելի ըլլան յիշատակները, եւ որքան քաղցր` հին ձայները, անոնք, ժամանակի թռիչքին հետ կը թռցնեն բան մը` իրենց գրաւչութենէն:
Մարդ ինքն իսկ կը կորսնցնէ վերյիշելու բաղձանքը, ապրելով նոր տպաւորութիւններու ընկերակցութեամբ:
Սակայն` անցեալը տեղի չի տար: Որովհետեւ, տօնական այս օրերն ալ կրկնութիւններ են անցեալին: Ամէն երգ լսուած է ուրիշ առթիւ եւ ամէն մեղեդի կը գտնէ իր ձգած արձագանգները` հին օրերու մեր սրտերուն մէջ…
ԳԻՍԱՒՈՐ

