Կաղանդը Աշխարհին Շուրջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
– Կաղանդի շրջանին, Կաղանդ պապան շատ զբաղած կ՛ըլլայ: Ան կը դառնայ աշխարհին շուրջ, կ՛անցնի երկրէ երկիր` իւրաքանչիւր երկրի մէջ յարգելով անոր աւանդութիւնները:
– Լաթվիոյ մէջ Կաղանդ պապան շատ աւելի գործ ունի: Ան Ծնունդի 12 օրերուն ամէն օր նուէր մը կու տայ` սկսելով Ծնունդի գիշերէն:
– Ըստ յունական աւանդութեան, «քիլանցարոյները» չարաճճի թզուկներ են, որոնք դուրս կ՛ելլեն Ծննդեան շրջանին: Մարդիկ կը հաւատան, որ կրակարանին մէջ 12 օր անդադար կրակը վառած պահելով` կարելի է զանոնք հեռու պահել:
– Ճափոնի մէջ Հոթէյ-օշոն է, որ նուէրներ կը բաժնէ Կաղանդին: Կ՛ըսեն, թէ ան իր գլուխին ետեւը աչքեր ունի եւ այդ ձեւով կը տեսնէ, թէ մանուկները բարի եղա՞ծ են:
– Իսլանտայի մէջ «Ճոլասվայնարները» 13 թզուկներու նման էակներ են, որոնք կը սիրեն չարաճճիութիւններ ընել մանուկներուն կօշիկներուն մէջ Կաղանդին նուէրներ դնելէ առաջ: Անոնք տարօրինակ անուններ ունին, ինչպէս` Երշիկ-փախցնող, Դուռ-զարնող, Կաթսայ-լզող:
– Ուքրանիոյ մէջ ընտանիքը պէտք է սպասէ` տեսնելու իրիկուան առաջին աստղը երկինքին մէջ: Երբ անոնք տեսնեն աստղը, Կաղանդի ընթրիքի խրախճանքը կրնայ սկսիլ:
Կաղանդի Հարցարան
1) Սպաներէնով ինչպէ՞ս կ՛ըսես «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ»:
ա.- Ժուայը Նոէլ
բ.- Պուօն Նաթալէ
գ.- Ֆելիս նաւիտատ
դ.- Փրեթիկէ քերսիտակէն
2) Կաղանդի շնորհաւորական քարտերը ե՞րբ շուկայ իջան:
ա.- 1643-ին
բ.- 1743-ին
գ.- 1843-ին
դ.- 1943-ին
3) Ո՞ր երկրին մէջ Կաղանդ պապան ճանչցուած է իբրեւ Սուայթի միքոլաժ:
ա.- Ֆրանսա
բ.- Դանիա
գ.- Սուրիա
դ.- Փոլանտա
4) Աւանդական Կաղանդի ծառը ի՞նչ տեսակի ծառ կ՛ըլլայ:
ա.- Եղեւին
բ.- Կաղնի
գ.- Նոճի
դ.- Շագանակենի
5) Ֆրանսայի մէջ Կաղանդ պապան պզտիկ նուէր մը կու տայ երեխաներուն 6 դեկտեմբերին գիշերը, Ան նուէրներ կը բերէ նաեւ 24 դեկտեմբերին գիշերը:……………… Ճ/Ս
6) Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր երկրի Կաղանդի աւանդական կերակուրը:
Ա.- Իտալիա, Բ.- Ճամայքա, Գ.- Իսլանտա, Դ.- Մեքսիքա, ե.- Անգլիա, զ.- Շուէտ:
1.- Քարիով այծ, 2.- Խորոված հնդկահաւ` քրենպերիի թացանով, 3.- Քացախով համեմուած ռինկա (ձուկի տեսակ), 4.- Խորոված օձաձուկ, 5.- չորցուած շանաձուկ, 6.- Նարինջով, կրէյփֆրութով եւ բողկով աղցան:
Պատասխանները Վերջաւորութեան
Նոր Տարուան Գիշերը
Նոր տարուան գիշերը համով ճաշերը ուտելէ ետք, մինչեւ կէս գիշերի տասներկու զարկերը հնչեն, ահա քանի մը հաճելի խաղեր, որ կարելի է խաղալ ամբողջ ընտանիքին հետ:
Ա.- 12 մարտահրաւէրներ
Այս 12 մարտահրաւէրները գրէ պզտիկ քարտերու վրայ եւ զանոնք տուփի մը մէջ դիր: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է քաշէ քարտ մը եւ փորձէ կատարել անոր վրայի գրուածը:
1.- Նոր անուն մը տուր իւրաքանչիւր ներկայ անձի:
2.- Ճոք մը պատմէ` ակռաներդ գոց պահելով:
3.- Տասը մեծարանքներ ուղղէ Կաղանդի ծառին:
4.- Միայն ձայներ եւ ձեւեր ընելով` պատմէ ձիւնին մէջ կորսուած եւ ապա Կաղանդ պապային կողմէ փրկուած պզտիկ արջուկին պատմութիւնը:
5.- Բուրգ մը կազմէ սեղանին վրայէն առնուած տասը առարկաներով:
6.- Շնորհակալական կարճ խօսք մը ուղղէ Կաղանդ պապային օգնող թզուկներուն:
7.- Փորձէ աջ կողմդ նստած հիւրը խնդացնել որեւէ միջոցով:
8.- Շուրջիններուդ կռահել տուր «աստղ» բառը` առանց գործածելու «արեւ», «երկինք», «գիշեր», «լոյս» բառերը:
9.- Տուրմ մը կեր եւ փորձէ նկարագրել զգացածդ:
10. Կաղանդ պապայի թզուկ ծպտուէ սենեակին մէջ գտնուած առարկաներով:
11. Սենեակին մէջ բոլոր ներկաներով միասին վայրկեան մը լռութիւն պահեցէք:
12.- Երեւակայէ, որ կախարդական գաւազան մը ունիս: Ի՞նչ 3 մաղթանքներ պիտի խնդրես անկէ:
Բ.- Իմ գուլպայիս մէջ կայ…
1.- Խաղցողներէն իւրաքանչիւրը իր կարգին բան մը կ՛աւելցնէ Կաղանդի գուլպայի մը մէջ գտնուած առարկաներու երեւակայական ցանկի մը վրայ:
2.- Առաջին խաղցողը խաղը կը սկսի ըսելով` «Իմ Կաղանդի գուլպայիս մէջ կայ…» եւ կ՛ընտրէ առարկայ մը: Օրինակի համար, «… մրցումի ինքնաշարժ մը»: Կարելի է որեւէ առարկայ անուանել, որքան խնդալիք ըլլայ, այնքան աւելի լաւ կ՛ըլլայ:
3.- Յաջորդ անձը պէտք է կրկնէ ամբողջ ցանկը եւ ապա աւելցնէ առարկայ մը:
4.- Այն խաղցողը, որ ցանկը կրկնելու ընթացքին կը մոռնայ առարկայ մը, խաղէն դուրս կ՛ելլէ:
5.- Խաղը կը շարունակուի, մինչեւ որ մէկ խաղցող մնայ:
Գ.- Կաղանդի գծագրութիւններ
1.- Իւրաքանչիւր խաղցողի` թուղթ մը եւ մատիտ մը:
2.- Խաղցողները պէտք է դնեն 20 կէտեր` սփռուած ամբողջ էջին վրայ:
3.- Երբ բոլոր թուղթերուն վրայ 20 կէտեր դրուին, այդ թուղթերը հաւաքէ եւ իրարու խառնէ:
4.- Իւրաքանչիւր խաղցողի թուղթ մը տուր:
5.- Խաղցողները մէկ վայրկեան ունին բոլոր կէտերը իրարու միացնելու եւ Կաղանդի վերաբերեալ գծագրութիւն մը ընելու:
6.- Երբ մէկ վայրկեանը վերջանայ, բոլոր գործերը մէջտեղ կը դրուին, եւ մասնակցողները կ՛ընտրեն ամէնէն յաջողը:
Խոհագիր
Պուչթելն Գերմանական
Անուշեղէն
Փայլփլուն լոյսեր, համեմներու հոտեր… Կաղանդին գերմանական շուկաները կը լեցուին տեսակաւոր զարդարանքներով եւ Կաղանդի յատուկ անուշեղէններով:
Պէտք ունիս
500 կրամ ալիւրի, 120 կրամ փոշի շաքարի + 2 ապուրի դգալի, 1 հաւկիթի, 100 կրամ կակուղ կարագի + 40 կրամ, քիչ մը վանիլի, 3 գաւաթ կաթի, 20 կրամ թարմ թթխմորի (կամ` 1 ապուրի դգալ անմիջապէս հալող թթխմորի), քիչ մը աղի:
Պատրաստութիւն

2.- Ուրիշ խորունկ ամանի մը մէջ միասին խառնէ մնացած ալիւրը, շաքարը եւ աղը: Աւելցուր հաւկիթը եւ կաթով խառնուրդը, ապա շաղէ: Աւելցուր կարագը եւ դարձեալ շաղէ: Խմորը լաթի կտորով մը ծածկէ եւ ձգէ մէկ ժամ, որ ուռի:

1.- Կաթսայի մը մէջ 2 գաւաթ կաթ տաքցուր քիչ մը: Ապա խորունկ ամանի մը մէջ դիր կաթը, թթխմորը, շաքարը, վանիլը, 1 ապուրի դգալ ալիւր: Ձգէ, որ հանգչի 10 վայրկեան:

4.- Կաթսայի մը մէջ տաքցուր մնացած կաթը, շաքարը եւ կարագը: Լաւ խառնէ եւ ապա այս խառնուրդը պարպէ գունդերուն վրայ: Այս պրիոշը փուռին մէջ եփէ 35 վայրկեան:
Երբ կարկանդակը պաղի, կրնաս վրան փոշի շաքար սրսկել

3.- Փուռի յատուկ կլորակ ափսէի մը վրայ կարագ քսէ եւ վրան քիչ մը ալիւր սրսկէ: Խմորը 18 պզտիկ գունդերու բաժնէ, զանոնք շարէ ափսէին մէջ: Ձգէ, որ խմորը դարձեալ հանգչի 20 վայրկեան: Փուռը վառէ թերմոսթա 5/6 աստիճանի վրայ:
Ժամանց
Պատասխաններ
1) գ, 2) գ, 3) դ, 4) ա, 5) ճ, 6) 1 – բ, 2 – ե, 3 – զ, 4 – ա, 5 – գ, 6 – դ: