Անարատ Յղութեան Տօնին Առիթով Հանդիսութիւն Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս Վարժարանին Մէջ

7 դեկտեմբեր 2012-ին Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանին մէջ մեծ շուքով տօնեցինք  Աստուածամօր անարատ յղութեան եւ հայ քոյրերու միաբանութեան տօնը:

Այս տարի Անարատ յղութեան տօնը զուգադիպելով 1988 դեկտեմբեր 7-ի մեծ աղէտին, յայտագրի առաջին բաժինը տրամադրուեցաւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակի ոգեկոչման:

Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն յաջորդեց բացման խօսքը, որուն մէջ յիշուեցաւ, որ 7 դեկտեմբերի ահաւոր երկրաշարժը սարսափի մատնեց հայրենիքի եւ սփիւռքի հայերը` հազարաւոր կեանքեր խլելով եւ քար ու քանդ ընելով Սպիտակ, Գիւմրի եւ այլ շրջաններ:

Անգամ մը եւս հայը ենթարկուեցաւ փորձութեան, սակայն չյուսահատեցաւ, ուստի ամբողջ հայութիւնը, ձեռք ձեռքի տալով, օգնութեան հասաւ իր հայրենիքի հարազատներուն:

Բացման խօսքէն ետք խումբ մը աշակերտներ երգեցին Շարլ Ազնաւուրի «Քեզի համար Հայաստան» երգը` պաստառի վրայ ներկայացնելով երկրաշարժի աղէտէն առնուած պատկերներ:

Յայտագրին երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ արտասանութիւններ եւ երգեր` նուիրուած Աստուածամօր եւ հայ քոյրերուն:

Խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան համառօտ պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ արտասանեցին «Ես իմ անուշ Հայաստանի», «Ո՞րն է, պապօ» արտասանութիւնները` պաստառի վրայ ցուցադրելով նկարներ Հայաստանի տեսարժան վայրերէն:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Անայիս Գրըքեան եւ փոխանցեց օրուան պատգամը:

Քոյր Անայիս նշեց, թէ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութիւնը 165 երկար տարիներէ ի վեր մեծ նուիրումով կը ծառայէ հայ ազգի զաւակներուն, եւ մաղթեց, որ միաբանութիւնը ունենայ նորանոր կոչումներ եւ անոր առաքելավայրերը աւելի ծաղկին ու բարգաւաճին ի նպաստ հայ ազգի զաւակներուն:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ «Ողջոյն քեզ Անարատ յղացեալ» երգով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )