Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Իշամեղուն` Մանկութեանս Թշնամին

ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ

Կամ աւելի ճիշդ` ե՛ս իր թշնամին.
Ես էի գրգռող անմեղ կենդանին,
Երբ գիւղ կ՛ելլէինք օդափոխութեան,
Ողջ երեք ամիս ձեռքիս գաւազան,
Ես կը գտնէի դիւրաւ իրենց բոյնն
Պարտէզներու մէջ` պատի քարերուն
Ուր ծակի մ՛առջեւ կեցած է պահակ
Արթուն մի մեղու տալու ահազանգ
Վտանգի առջեւ, իր զինուորներուն,
Երբ գաւազանս մտնէր իրենց բոյն.
Երկար գաւազան` բարակ ու ճկուն:
Եւ շատ անգամներ կրակ կու տայի
Որպէսզի խուճապն ըլլար ամեհի:
Հարկ էր շուտ փախչիլ, չնայիլ ետիս,
Լքած գաւազան, թաշկինակ ձեռքիս
Զոր կը շարժէի կլոր, գլխէս վեր.
Արդէն ականջիս մօտն են բզզիւններ:
Հաճոյք կ՛առնէի մեծ յաղթանակի,
Երբ գայի կռուէն առանց խայթումի:
Իսկ որ խայթումի – եւ շատ պատահած –
Գրպանիս սխտորն դարմանս էր պատրաստ:

Տարիներ յետոյ, ես` լուրջ պատանի,
Դարձեալ գիւղին մէջ, չեմ գիտեր ինչի
Դիմացս կանգնած է մի ստահակ
Ինքզինքին տուած հովեր` աժդահակ,
Կը սպառնայ ինծի – ես չեմ գրգռած զինք –
Զայրոյթ` աչքերուն, գաւազան` ձեռքին,
Միջակ գաւազան, հաստկեկ ու տոկուն,
Պատրաստ իջեցնել հարուած իմ գլխուն:
Այդպէս էր գիւղը, մեր այդ ժամանակ,
Հաշտ չէին հայուն տեղացի տղաք,
Մինչ ծնողները ունէին յարգանք.
Պատճառը` չկար տղոց հետ շփում:
– Կը ճանչնաս,- ըսի,- դուն, իշամեղուն: –
Ուրկէ՞ ան եկաւ միտքս այդ պահուն.
Ձեռքի գաւազա՞նն էր արդեօք պատճառն:
– Ի՞նչ իշամեղու, ի՞նչ գործ ունի ան: –
Բարձրացուց ձեռքը, հետն ալ գաւազանն.
Բայց ասոնք պահ մը օդին մէջ կեցան,
Մտածեց խորունկ.- Այդ ողորմելին
Ծոծրակս խայթած է ժամանակին.
Վիզս ուռեցաւ, վտանգ անցուցի,
Իսկ ուրկէ՞ խօսքդ իշամեղուի:
– Քիչ ետք կը յայտնեմ. նախ ըսեմ քեզի
Ան իմ մանկութեանս անհաշտ թշնամի,
Անոր դէմ ես միշտ եղած յաղթական.
Իսկ ան ներկայ է, այստեղ, այս վայրկեան,
Օձիքիդ ետեւ, ճիշդ ծոծրակիդ մօտ,
Որ շարժիս պիտի խայթէ անամօթն: –
Այս խօսքիս վրայ ան դարձաւ դեղին,
Ոտքերն ու ձեռքերն անուժ, դողացին.
Բռնեցի գետին ինկող գաւազանն:
– Կամաց մը դարձիր, որ սպաննեմ զայն:
Հազիւ ցոյց տուաւ կռնակը ինծի,
Անգոյ մեղուին հարուած մը տուի,
Եւ այդքան ուժգին` փայտը կիսուեցաւ.
Ասոր մէկ կէսը ձեռքիս մէջ պահած`
Ոտքերս ուսիս արագ հեռացայ:

Ո՛չ վտանգաւոր, ո՛չ վնասակար,
Թէկուզ – ո՞վ գիտէ – ան շատ օգտակար,
Իշամեղուն ինձ եղաւ փրկարար:
Ան բոյնին առջեւ կեցած է պահակ
Որ չասպատակէ ոչ մի ստահակ.
Երբ նշմարեմ զայն կը հանեմ գլխարկ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES