Անահիտ Էքմէքճեանի Յիշատակին
ՄԵՍՐՈՊ ՔՀՆՅ. ՔԵՐՔԷԶԵԱՆ
«Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի: Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին, որ Տէրը, Արդար Դատաւորը իբրեւ հատուցում ինծի պիտի տայ դատարանի օրը, Բ. Տիմոթէոս 4:7-8:
Որքան կը ճշմարտուին այս խօսքերը հանգուցեալ Անահիտ Էքմէքճեանին համար: Ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ` մղելով բարի պատերազմ խորախորհուրդ հաւատքով ան ջերմեռանդ աղօթքով, հաւատքն ու խօսքը գործի վերածելով: «Երբ Պօղոս առաքեալ կը զգայ, որ իր կեանքի վախճանը մօտալուտ է, Հռոմի իր բանտի խուցէն կը խրատէ իր աշակերտը` Տիմոթէոսը, իր կեանքի օրինակին հետեւիլ` սպասելով արդար հատուցումին: Կեանքը հաւատք եւ գործ է, հաւատքը գործի վերածելու եւ խօսքի, միայն խօսքի սահմաններուն մէջէն դուրս գալու ընթացքն է: «Հաւատքը առանձինն` առանց գործերու` մեռած է»: Յակոբոս (2:17):
Այն բացառիկներէն էր Անահիտ Էքմէքճեանը, որ հաւատքը խօսքի սահմանէն անդին նետելով` միշտ գործեց հոգեկան անսահման գոհունակութեամբ:
Երբեմն անձեր կան, որոնք կը նոյնանան հաստատութեան մը կամ գաղափարի մը կամ սկզբունքի մը հետ: Անահիտ նոյնացուց ինքզինք Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ ծառայութեան գաղափարին, սկզբունքին հետ: Ծառայեց ու ծառայեց, պաշտօնապէս տիկնանց վարչութիւն ըլլալով կամ անպաշտօն: Այս ծառայութեան գաղտնիքը, ուժը ո՞ւր էր անոր համար, եթէ ոչ` աղօթքը, որ միշտ կը զօրացնէր զինք:
Եկեղեցւոյ մուտքին, ձախ կողմը, առաւօտ կանուխէն, ցուրտին, բուքին, բորանին հեղձուցիչ տաք օրերուն հոն էր ան, իր յաւիտենական պաշտօնին վրայ: Չեմ կրնար բառերով բացատրել, ի՜նչ անհուն հոգեկան ինքնագոհութիւն կը զգար ուխտասեղաններուն առջեւ վառած ու վերջանալու մօտ, պլպլացող մոմերը մարելով: Աշակերտի հաւատարմութեամբ, իգական սեռին փոխանցելով հաղորդութեան ընթացքին փոխանցուելիք լաչակները: Քրիստոնէական «Սիրոյ ողջոյնը» փոխանցելու մեծ ու պզտիկին: Իր նախանձախնդրութիւնը, եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ հագուածք ու կեցուածք ունենալու եւ երբեմն նոյնիսկ մայրական քաղցրութեամբ յանդիմանելու իգական սեռի այն անձերը, որոնք եկեղեցի կը մտնէին անպատշաճ հագուածքով:
Եկեղեցւոյ դասը սրբութիւն էր, պէտք էր կօշիկները հանել, ոտաբոպիկ քալել ու Ս. Հաղորդութիւն ստանալ:
Կը յիշեմ` նոր քահանայագործութեան սկսած էի, Առաջաւորաց Բարեկենդան էր եւ այսպէս կոչուած` Ս. Սարգիսի ծոմը: Ճերմակ տուներու ներկայացուցիչի հանգամանքով, անօթի ծարաւ հետս շրջեցաւ անձրեւին տակ` ցոյց տալով ինծի մեր ծխայիններուն տուները:
Ծառայութեան մարմնացումն էր` հակառակ իր քայքայուած առողջութեան եւ ուզեց պատնէշի վրայ մնալ այդ ծառայութեան ոգիով: Օրացոյց պիտի ծախուի, մանաւանդ` Ճերմակ տուներու շրջանը, մարդասիրական ձեռնարկի համար տոմսերը պիտի ծախուին, ինք միշտ պատրաստ էր` ամէնուն, ամէնուրեք իր բարեմաղթութիւնները եւ մաղթանքները տալով: Առանց բացառութեան, ամէնուն համար կ՛աղօթէր ու մանաւանդ իր շատ սիրած ու յօրինած մաղթանքը կ՛ըսէր` «Սողոմոն Իմաստունին` իմաստութիւնը, Յոբին` համբերութիւնը, Դաւիթ մարգարէին հաւատքը»: Ուր որ հաւաքական աշխատանք մը կար հանգուցեալը հոն էր, եկեղեցւոյ մաս պիտի շինուի, եկեղեցւոյ համար տօնախմբութիւն մը կայ. ուր սեւ աշխատանք կար, հոն էր:
Տիկին Անահիտ ունէր երկու ընտանիք: Իր ընտանիքը` որ նահապետական կարգ ու կանոնը` աւանդութիւնները կը տիրապետէին, երկրորդ ընտանիքը` եկեղեցին: Նոյն կարգը, նոյն սէրը, նոյն գուրգուրանքը: Մեծ մայր, մայր ընտանիքին եւ եկեղեցւոյ ընտանիքին:
Արժանի մարդուն արդար եւ ճշմարիտ արժէքն ու գնահատանքը իր ողջութեան հարկ է տալ: Ասկէ տարիներ առաջ, իր բազում ծառայութեանց որպէս գնահատանք, այլ եկեղեցասէր կիներու հետ ան արժանացաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ յուշամետալի գնահատանքին:
Քանի մը մը տարիներ յետոյ այլոց հետ արժանացաւ Հովիւին հաստատած «Տարուան հաւատացեալը» յուշատախտակին` իր անշահախնդիր ծառայութեան եւ եկեղեցւոյ մէջ մնայուն ներկայութեան համար:
Քառասուն օրեր առաջ անդարձ մեկնեցաւ այս հիւրանոց ու պանդուխտ աշխարհէն ձգելով իր ետին անհամար յիշատակներ, որոնց յիշատակութեամբ անթառամ պիտի մնայ իր արդար յիշատակը:
Ան շատ աղօթեց մեզի համար, մենք ալ հիմա կ՛աղօթենք իր հոգւոյն համար` աղերսելով զԱստուած. «Գթա՛ Տէր ի հոգիս մեր ննջեցելոյն եւ յիշեա ողորմութեամբ…»: