«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐՍԿՍԵԼՈՒ ԱՌԻԹ ԿԸ ՓՆՏՌԷ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական Պաքուն մեղադրեց ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը ձգձգելու եւ զինուորական գործողութիւններուն վերսկսելու առիթ փնտռելու յանցանքով:

«Դժբախտաբար Ազրպէյճանը կը շարունակէ իրավիճակը լարել կրկնուող եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան չափանիշներուն չհամապատասխանող յայտարարութիւններով, որոնք լրջօրէն կը հարուածեն բանակցային հոլովոյթը», շրջանային այցելութեամբ Երեւան ժամանած Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց Սերժ Սարգսեան:

Ըստ անոր, Ազրպէյճան իբրեւ մարտավարութիւն ընտրեց ձգձգման քաղաքականութիւնը:

Հայաստանի նախագահը աւելցուց, որ Ազրպէյճան յարմար առիթի կը սպասէ, որպէսզի զինուորական նոր արկածախնդրութեան սկսի:

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, Հայաստան դրական կը գնահատէ ներկայիս ԵԱՀԿ-ին նախագահող Լիթուանիոյ ցանկութիւնը` սատարել բանակցային հոլովոյթին, եւ կ՛ողջունէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ անձամբ Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի ջանքերը:

«Մենք պատրաստ ենք բանակցելու, պատրաստ ենք եւ անհրաժեշտ կը նկատենք փնտռել փոխզիջումներ, բայց լուծման համար անհրաժեշտ է, որ Ազրպէյճան եւս նոյն ցանկութիւնը ունենայ», ընդգծեց Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիթուանիոյ խորհրդարանին կողմէ տակաւին 2005-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը ընդունելու համար, ինչ որ վկայութիւն մը եւս է այդ ժողովուրդի բարձր բարոյական նկարագիրին եւ համամարդկային արժէքները այժմէական շահերէն վեր դասելու գիտակցման:

Իր կարգին, Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէ յայտարարեց, որ Հայաստան կրնայ կայունացնող գործօն դառնալ շրջանին մէջ եւ բոլոր խնդիրները լուծել խաղաղ ճամբով:

Լիթուանիոյ նախագահը, որ նախքան Երեւան ժամանելը Պաքու եւ Թիֆլիս այցելած էր, ընդգծեց, որ ո՛չ մէկ երկիր, ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն պիտի աջակցի ղարաբաղեան խնդիրի զինուորական լուծման:

ԱԼԻԵՒ ԿԱՌՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ ԿԸ ՆԿԱՏԷ «ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ՏԱՐԱԾՔՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼԸ»

«Երկար ժամանակէ ի վեր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տագնապը անլոյծ կը մնայ: Մինսքի խմբակը կը գործէ մօտ 20 տարիէ ի վեր: Սակայն մինչեւ այսօր որեւէ գործնական արդիւնքներ չկան», յայտարարեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայտէի հետ նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպման յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Ըստ Ալիեւի, իրենք յոյսով են, որ Հայաստան` կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի առաջարկներուն նկատմամբ, քայլ մը պիտի առնէ եւ սկսի դուրս գալ Ազրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներէն: Ան աւելցուց, որ անկէ ետք շրջանին մէջ կրնայ խաղաղութիւն հաստատուիլ:

Իլհամ Ալիեւ նշեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը հիմնական սպառնալիքն է շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան: Ան յայտնեց, որ միջազգային իրաւունքի հիման վրայ այդ տագնապի լուծումը կը բխի բոլոր կողմերուն շահերէն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES