ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար երէկ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի հետ` անոր փոխանցելով իսլամ բանտարկեալներու կացութեան բարեփոխման քայլերը: Այս գծով Նաժժար նաեւ նշեց, որ ճիգերը կը շարունակուին` բանտարկութեան տարին ինը ամիսով փոխարինելու որոշումի գործադրութեան գծով:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ արուարձաններու մերձակայ Ուզահի շրջանի հրամանատար գնդ. Ալի Հասսունէ երէկ սխալմամբ ինքզինք վիրաւորեց, երբ ձեռքին բռնած ատրճանակը փամփուշտ արձակեց, ներքին ապահովութեան ուժերու Էշրեֆիէի կեդրոնին մէջ:

ԽՈՒՄԲ մը լիբանանցի եւ սուրիացի ուսանողներ, ինչպէս նաեւ համակիրներ խորհրդանշական ցոյց մը կատարեցին երէկ Համրայի մէջ` «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի Պէյրութի գրասենեակին առջեւ` դատապարտելով կայանի որդեգրած կեցուածքը Սուրիոյ վերջին անցուդարձերուն գծով: Անոնք նշեցին, որ այդ կեցուածքը խոտոր կը համեմատի կայանի սկզբունքներուն եւ առաքելութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES