ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՍԱԿԱԳԻՆԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ՄԱԳԼՑՈՒՄ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ
Ինչպէս կը նախատեսուէր, վառելանիւթերու եւ մանաւանդ պենզինի սակագինը կրկին բարձրացաւ երէկ` 700-800 լիբ. ոսկիի մագլցում արձանագրելով: Նմանապէս եւ մազութի եւ պիւթակազի սակագիները բարձրացան` առաւել եւս հրահրելով օրապահիկի ապահովման մղձաւանջով լարուած լիբանանցիներու տրամադրութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

