ՅԵՏԱՁԳՈՒՄԻ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉԷ ՎՃՌՈՒԱԾ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին թեկնածու Մուսթաֆա Ֆաքի երէկ եգիպտական պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով անջատ այցելութիւններ տուաւ լիբանանցի պատասխանատուներուն` փորձելով անոնց զօրակցութիւնը ապահովել: Նախագահ Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Միքաթիի այցելելէ ետք, ան վերջինիս ճաշի հիւրը եղաւ: Իսկ արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամիի համաձայն, ան կրնայ առաջարկել այս նիստի յետաձգումը:

 

Share this Article
CATEGORIES