Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Յարաբերութեանց Հարցերով Նախարարին Արաբական Յեղափոխութիւնները Շրջանին Մէջ Քաոս Ստեղծեցին
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին յարաբերութեանց հարցերով նախարար Անուար Կարկաշ յայտնած է, որ արաբական «յեղափոխութիւնները» գործնականին մէջ յանգեցուցին քաոսի եւ յետընթացի:
«2012-ը անհանգիստ տարի էր, երբ քաոսը փոխարինեց արարչութիւնը, իսկ կարգախօսերը` բովանդակութիւնը: Կը թագաւորեն բռնութիւններն ու ծայրայեղականութիւնը», «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած է ան:
Ըստ անոր, նոր քաղաքական վերնախաւերը շարք մը երկիրներ «հասցուցին» քաղաքական եւ տնտեսական ճգնաժամի, կիներու իրաւունքներու ոտնահարումներու: Միեւնոյն ժամանակ, Արաբական ծոցի երկիրները, որոնք յաջողեցան կայունութիւն պահպանել, պէտք է չափազանց զգուշօրէն վերաբերին այն ամէնուն հետ, ինչ որ կը կատարուի շրջանին մէջ:
«Մեզ կը շրջապատէ քաոսը, ապագայի տեսլականի բացակայութիւնը, այդ իսկ պատճառով մենք պէտք է ամրապնդենք մեր թիկունքը», ըսած է նախարարը:


