«Բրիտանիոյ Վարչապետին Վարած Քաղաքականութիւնը Կրնայ Եւրոպական Միութիւնը Քանդել» Ըսաւ Հերման Վան Ռոմփույ

Քամերոն եւ Ռոմփույ

Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման վան Ռոմփույ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ այլ պետութիւնները թշնամաբար կը տրամադրէ Եւրոպական Միութեան նկատմամբ, իսկ ատիկա կրնայ կառոյցի փլուզման յանգեցնել:

«Եթէ Եւրոպական Միութեան իւրաքանչիւր անդամ երկիր (Եւրոպական Միութեան) տարուող քաղաքականութեան ուղղութիւններէն վերցնէ այն, ինչ որ իրեն պէտք է, եւ հրաժարի ատկէ, որ իրեն ամէնէն քիչ հաճելի է, ապա կառոյցը պիտի փլուզուի», ըսաւ ան:

Ռոմփույ աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան բոլոր երկիրները կրնան ունենալ եւ ունին որոշ խնդրանքներ եւ պահանջներ, որոնք միշտ հաշուի կ՛առնուին: «Ես չէի ուզեր, որ որեւէ անդամ երկիր քանդէ մեր եւրոպական համագործակցութեան հիմքերը», աւելցուց ան:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետը` գտնուելով Եւրոպական Միութեան նկատմամբ բացասաբար տրամադրուած պահպանողականներու ճնշումներուն տակ, յայտարարած էր Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու վերաբերեալ համազգային հանրաքուէ կատարելու մասին, եթէ Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պայմանները վերատեսութեան չենթարկուին:

Share this Article
CATEGORIES