Թրքական Աղբիւր Մը Իրանի Մէջ ՔԱԿ-ի Մարզումի Զօրանոցներու Գոյութեան Կ՛ակնարկէ

Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Թուրքիա շատ դժգոհ է սուրիացի ժողովուրդին օրինական ձգտումներուն կողքին կանգնելուն համար Թուրքիոյ դէմ դնելու եւ պատժելու նպատակով քրտական թղթածրարը օգտագործելու փորձէն»:

Ան նշեց, որ «թրքական քաղաքական ղեկավարութեան վստահելի աղբիւրներու ճամբով իրանեան հողամասերուն վրայ քրտական կազմակերպութեան (ՔԱԿ-ի. «Ա.») մարզումի զօրակայաններու գոյութեան մասին վտանգաւոր տեղեկութիւններ հասած են»:

Աղբիւրը նաեւ աւելցուց, որ «թրքական բանակին հետ բախումներու ընթացքին արձանագրուած կարգ մը վիրաւորներ իրանեան հողամասերուն մէջ կը դարմանուին, ինչ որ կեցուածքի մէջ վտանգաւոր զարգացում մը ցոյց կու տայ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )