«Եգիպտոսի Հետ Համամիտ Ենք, Որ Շրջանի Ժողովուրդները Իրենց Ճակատագիրը Ճշդեն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ամրօ եւ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի հետ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Մոսկուա Գահիրէի հետ համամիտ է, թէ «շրջանի ժողովուրդները պէտք է իրենց ճակատագիրը ճշդեն` առանց արտաքին միջամտութեան»:

Լաւրով ըսաւ, որ «Ռուսիա կը գնահատէ Կազայի մէջ տագնապը լուծելու եւ միջպաղեստինեան տարակարծութիւնները շրջանցելու ձգտող եգիպտական ջանքերը»:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ երկու կողմերը քննարկած են սուրիական տագնապի հարցը եւ հաստատած, որ Սուրիոյ մէջ բռնարարքները պէտք է դադրին եւ Ժընեւի հաղորդագրութեան հիմամբ լուծում մը գործադրուի` աւելցնելով, որ «միայն սուրիացի ժողովուրդը կրնայ որոշել, թէ Ասատ ե՛րբ պէտք է մեկնի, իսկ միջազգային ընտանիքը պէտք չէ նախապայմաններ ներկայացնէ»:

Լաւրով յայտնեց, որ Մոսկուա յուսախաբ է սուրիական ընդդիմութենէն, որ վարչակարգի տապալումը կը նկատէ իբրեւ իր գլխաւոր առաջադրանքը` նշելով, որ Մոսկուա պատրաստ է Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Մաազ Խաթիպի հետ քննարկումներ կատարելու:

Պատասխանելով հինգշաբթի օր Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ իր հանդիպումին մասին հարցումի մը` Լաւրով ըսաւ, որ «սուրիական ղեկավարութիւնը գործնապէս կը քաջալերենք գործադրելու ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու իր յայտարարած պատրաստակամութիւնը»` նշելով, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի այսօր Մոսկուա կ՛այցելէ, ինչ որ «առիթ պիտի ընծայէ քննարկելու (Սուրիոյ տագնապի) երկու կողմերուն տեսակէտները»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին նշեց, որ Եգիպտոս «տագնապին սկիզբէն ի վեր, այսինքն` երկու տարի առաջ, յստակ կեցուածք մը որդեգրեց, որ հիմնուած է արտաքին միջամտութեան մերժումին վրայ, միջամտութիւն մը, որ վնասակար է»` աւելցնելով, որ անպայման պէտք է Սուրիոյ մէջ ապահովել փոխանցման հոլովոյթ մը, որ ժողովրդավար իշխանութիւն մը կ՛ապահովէ եւ երկրին միութիւնը կը պահպանէ:

Ամրօ ըսաւ, որ «ռուսական եւ եգիպտական կեցուածքները համաձայն են, թէ միասնաբար դէմ ենք Սուրիոյ մէջ լուծումի իրագործման համար արտաքին որեւէ միջամտութեան»` աւելցնելով, որ «կը կարծենք, որ Սուրիոյ մէջ փոփոխութիւնը, որ անկասկած պիտի գայ, պէտք է կազմակերպուած ըլլայ, պահպանէ Սուրիոյ միութիւնը եւ պահէ սուրիացի ժողովուրդին բազմազանութիւնը»:

Եգիպտոսի դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի կեդրոնատեղին ներկայիս Գահիրէի մէջ է` աւելցնելով, որ եգիպտական կողմը անոր հետ մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ մէջ դէպի ժողովրդավարութիւն շրջադարձի եւ կազմակերպուած փոփոխութեան ծրագիր մը մշակելու համար:

Ամրօ ընդգծեց, որ Գահիրէ Կազայի դէմ իսրայէլեան վերջին յարձակումէն ետք զինադադարի գոյացման մէջ կարեւոր դեր խաղաց եւ ներկայիս աշխատանք կը տանի այդ կացութիւնը ամրապնդելու եւ միջպաղեստինեան հաշտութեան քայլերը ամբողջացնելու: Ան Մոսկուայի կոչ ուղղեց զօրակցելու Միջին Արեւելքը զանգուածային քանդումի զէնքերէ զերծ շրջան յայտարարելու համար միջազգային խորհրդաժողովի մը գաղափարին աջակցելու:

Share this Article
CATEGORIES