Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ մեքանիքի քննութիւններու կեդրոնը կը յայտարարէ, որ Նոր տարուան տօնին առիթով իր դռները փակ պիտի մնան յառաջիկայ 2 եւ 3 յունուար 2013-ին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը երկրին բոլոր կարգերը խախտած է եւ կառավարութիւնը պէտք է զայն վտարէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին շեշտեց, որ Ժընեւի հաղորդագրութիւնը պէտք է ըլլայ Սուրիոյ տագնապին լուծման սկիզբը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարը Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմաններուն առումով իր պարտականութիւնները պէտք է կատարէ եւ կամ հրաժարի իր պաշտօնէն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Տաուտ Սայեղ յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին առումով պէտք է օրակարգ մը ճշդել եւ ոչ թէ միայն երկխօսութեան հրաւիրել:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ յառաջիկայ մարտահրաւէրները շրջանային առումով անկիւնադարձային են:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան տագնապին քաղաքական լուծումը կառավարութեան հրաժարումն է եւ չէզոք կառավարութեան մը կազմութիւնը:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի յառաջիկայ յունուարին պիտի վերադառնայ Պէյրութ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ խորհրդարանը պէտք է քննարկէ ընտրական նոր օրինագիծը եւ զայն վաւերացնէ կամ փոփոխութեան ենթարկէ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի դէմ Ծոցի երկիրներուն յայտարարած պոյքոթը պարզապէս քաղաքական չէ, այլեւ` զբօսաշրջական:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ ստացած է դատաւորներու օգնականներու յատուկ անուանացանկ մը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ կարմիր խաչի կազմակերպութիւնը երէկ Նաքուրայի սահմանին մօտ ստանձնեց 48-ամեայ լիբանանցի Ապտալլա Տաամուսի դիակը, որ Կարմիր խաչին կողմէ յանձնուեցաւ անոր ընտանիքին:

ՊԵՏԱԿԱՆ վարժարաններուն հետ պայմանագիրներ ստորագրած ուսուցիչներ երէկ կրթութեան նախարարութեան դիմաց նստացոյց մը կազմակերպեցին` փակելով դէպի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ տանող ճամբաները:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի շեշտեց, որ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատասխանատուութիւնն է երկրին յաջորդ հանգրուանը ստեղծելու յանձնառութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES