Թալքալախ Ուղղուած Լիբանանցիներուն Հարազատները Կը Սպառնան Լիբանան-Սուրիա Անցքերը Փակել
Թալքալախի մէջ սուրիական բանակին լարած թակարդին զոհ գացած լիբանանցիներուն ընտանիքներուն անունով շէյխ Մոհամետ Իպրահիմ յայտնեց, որ իրենք քաջ գիտեն լիբանանեան եւ սուրիական պետութիւններուն միջեւ յարաբերութեան տարողութիւնը:
Շէյխ Իպրահիմ կոչ ուղղեց ազատ արձակելու սուրիական վարչակարգին կողմէ արգելափակուած Հասսան Սրուրը, ինչպէս նաեւ պահանջեց վերադարձնել Մոհամետ Ռիֆայիի դիակը:
Ան Թալքալախ ուղղուած լիբանանցիներուն հարազատներուն անունով սպառնաց վտարել Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը եւ փակել Լիբանանը Սուրիոյ կապող անցքերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

