Օտար Ապահովական Կառոյցներ Կայքէջերու Ընդմէջէն Տեղեկութիւններ Կը Հաւաքեն` Գործակալներու Զինուորագրութեան Համար

Բանակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ օտար ապահովական կառոյցներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զանազան կայքէջերու ընդմէջէն տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ գործակալներ զինուորագրելու:

Բանակին հաղորդագրութիւնը նշեց, որ ատիկա լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող ոտնձգութիւն է, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն ապահովութեան եւ անոնց անձնական ազատութիւններուն դէմ գործուած ոտնձգութիւն:

Բանակը կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն վերոյիշեալ ապահովական կառոյցներուն լարած թակարդներուն մէջ չիյնալ, ինչպէս նաեւ խնդրեց անոնցմէ որեւէ կասկածելի նամակի պարագային դիմել ե-նամակի հետեւեալ հասցէին. [email protected]

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )