Սինիորա. «Երկխօսութեան Պիտի Մասնակցինք, Երբ Նասրալլա Պատրաստակամութիւն Յայտնէ Հըզպալլայի Ապազինման Հարցը Քննարկելու»

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա շեշտեց, որ իրենք կ՛առաջարկեն կառավարութեան հրաժարումը, որովհետեւ ատիկա երկրին քաղաքական տագնապին լուծման սկիզբը կը կազմէ:

Սինիորա հաստատեց, որ Հըզպալլա ջրած է ազգային երկխօսութեան կարելիութիւնները` նշելով, որ «Այուպ» հետախուզական օդանաւը թռցնելէ եւ զինեալները դէպի Սուրիա ղրկելէ ու զօր. Ուիսամ Հասանի սպանութենէն ետք «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը յօդս ցնդած է արդէն:

Սինիորա հաստատեց, որ երկխօսութեան այլընտրանքը երկխօսութիւնն է: Ան աւելցուց, որ իրենք բարձր կը գնահատեն հանրապետութեան նախագահին երկխօսութեան ջանքերը: «Մենք երկխօսութեան պիտի մասնակցինք, երբ սէյիտ Նասրալլա պատրաստակամութիւն յայտնէ այդ նիստին ընթացքին Հըզպալլայի ապազինումը քննարկելու, ինչպէս նաեւ խոստանայ, թէ ներքին լիբանանեան առումով ան ոչ մէկ անգամ պիտի օգտագործէ այդ զէնքը», ըսաւ ան:

Սինիորա նշեց նաեւ, որ Հըզպալլա պէտք է վերջ տայ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեամբ ամբաստանուած չորս յանցագործները, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Պութրոս Հարպի դէմ մահափորձը գործող յանցագործը պահելու իր փորձերուն:

Սինիորա շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել` աւելցնելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կ՛ուզեն ընտրութիւնները կատարել ճշդուած ժամկէտին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )