Պըրրի Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ հարցեր:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի Նոր տարուան առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց լիբանանցիներուն:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները գրաւի կամ բախտախաղի հարց չեն, այլ` սահմանադրական պայման, զոր պէտք է կատարել ճշդուած թուականին:

Ան նշեց, որ խորհրդարանի նախագահը զինք տեղեակ պահած է իր կատարած հաղորդակցութիւններուն մասին:

Միքաթի մաղթեց, որ կարելի ըլլայ ընտրական արդի օրէնքի մը վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացնել:

Պըրրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւնները:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան, որ դրական գնահատեց ընտրական օրէնքը քննարկող խորհրդարանական յանձնախումբին նիստերուն վերսկսումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )