Միքաթի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին»
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետարանին մէջ աշխատող պաշտօնեաներու անձնակազմին եւ լրագրողներուն հետ:
Նոր տարուան առիթով տեղի ունեցած այս հաւաքին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան պիտի գոյատեւէ, որովհետեւ անիկա այն տարածքն է, ուր կայունութիւնը բոլորին շահերուն կը ծառայէ:
Ան նշեց, որ երկիրը ագարակ մը չէ, այլ` հող եւ մարդ արարած, որուն հասկացողութիւնը անձնական շահերը կը գերազանցէ:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանը բոլորին է եւ ան կրնայ իր մէջ ընդգրկել իր բոլոր զաւակները` անոնց բազմազանութեամբ: Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ ուրիշը ջնջել, որովհետեւ բոլորը կը պատկանին այս հողին եւ իրենց արմատները խրած են այդ հողին մէջ:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ համագործակցութիւնը Լիբանանի ոգին է` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միակ ազդակը այն է, որ կարելի ըլլայ Լիբանանի շահերը հեռու պահել Լիբանանին սպառնացող բոլոր դժուարութիւններէն: Ան հաստատեց, որ պէտք է անպայման երկխօսութեան դիմել եւ Լիբանանն ու անոր ապահովական կայունութիւնը պահպանել:
«Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած կեցուածքները ինքնաբուխ կեցուածքներ չեն, ոչ ալ ճնշումի տակ տրուած որոշումներու հետեւանք են, այլ` անոնք կը ծառայեն Լիբանանի շահերուն:
«Մենք բոլորս բացայայտած ենք, որ մեր ճակատագիրն է վերադառնալ միակ եւ միասնական Լիբանանի մը հովանիին, պաշտպանել երկիրն ու անոր կայունութիւնը եւ Լիբանանը հեռու պահել ապահովական վտանգներէ, ինչպէս նաեւ կարելի եղածին չափ նուազեցնել քաղաքական լարուածութիւնները», ընդգծեց Միքաթի:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ հիմնուած արդիական օրէնքի մը վրայ:
«Մեր առջեւ կայ միակ ընտրանք մը, որն է ազգային համերաշխութիւնն ու իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութիւնը` առանց լիբանանեան պետութեան վնաս մը հասցնելու», ըսաւ ան: