«Կը Մերժեմ Երկարաձգումները Եւ Պիտի Շարունակեմ Ուղղել Ազգային Երկխօսութեան Կոչերս» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ինք կը մերժէ բոլոր երկարաձգումները, ինչ ալ ըլլան անոնք: Նախագահ Սլէյման կտրականապէս հերքեց այն յայտարարութիւնները, թէ երկարաձգումները պիտի արձանագրուին խորհրդարանին եւ հանրապետութեան նախագահին մակարդակներուն վրայ:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ եթէ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնել, ապա բարիք գործած կ՛ըլլանք:

«Ես անձամբ ճիգ պիտի չխնայեմ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, ըլլայ ան 1960-ի ընտրական օրէնքով թէ այլ: Ինծի համար նախընտրելի է համամասնական դրութեան հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել, սակայն եթէ լիբանանցիները մերժեն այդ մէկը, ապա կը հրաժարիմ այդ ընտրանքէն եւ կը համակերպիմ անոնց», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ լիբանանցիները երկխօսութեան հրաւիրել` աւելցնելով, որ երկխօսութենէն կարեւոր ոչ մէկ այլընտրանք  կայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )