Հայաստանի Եւ Ալճերիոյ Միջեւ Համագործակցութեան Քննարկում` Ապահովական Մարզին Մէջ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 27 դեկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Ալճերիոյ նախագահի ապահովութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցերով յատուկ խորհրդական Մոհամետ Քամել Ռեզակ Պառայի հետ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին սերտ համագործակցութիւն հաստատելու երկու երկիրներու ապահովութեան մարզի տարբեր կառոյցներուն, որոնց շարքին` պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ, միջազգային հոլովոյթներուն հետ համահունչ քալելու եւ անոնց համարժէք արձագանգելու նպատակով:

Իբրեւ համագործակցութեան առաջին քայլ` համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարութիւններուն համապատասխան ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխադարձ շփումներուն վերաբերեալ` համագործակցութեան մարզերը նախանշելու եւ համապատասխան գործակցութիւն սկսելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )