«2013-ին Ռուսիա Պիտի Շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Լուծման Ուղղուած Ջանքերը» Կ՛ըսէ Լաւրով

Սերկէյ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիա հետաքրքրուած է միջազգային օրակարգին վրայ գոյութիւն ունեցող հիմնախնդիրներու լուծումով:

Ան նաեւ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` նշելով, որ իրենք պիտի շարունակեն տագնապի խաղաղ լուծման համար աշխուժ ջանքեր գործադրել:

«Կարելի է վստահութեամբ ենթադրել, որ 2013-ին տագնապներու լուծումը պիտի մնայ միջազգային հանրութեան առաջնահերթ ուղղութիւններէն մէկը: Մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պիտի ըլլան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ափրիկէի, Քորէական թերակղզիի, Աֆղանիստանի խնդիրները: Ի հարկէ, մենք պիտի շարունակենք աշխուժ ջանքեր գործադրել Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներու` նախ եւ առաջ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Մերձտնեսթրեան տագնապներու լուծման ուղղութեամբ», ըսած է նախարարը:

Ան յիշեցուցած է, որ 2013-ին Ռուսիան պիտի նախագահէ Քսաններու խմբակը: Ըստ Լաւրովի, այդ մեքանիզմի դերը առարկայական կերպով կ՛աճի եւ պէտք է ծառայէ ճգնաժամերու կառավարման ու ֆինանսատնտեսական մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման:

Share this Article
CATEGORIES