Էն. Պի. Էյ. Քլիփըրզի 15-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան երկու մրցումներ:

Լոս Անճելըսի մէջ Քլիփըրզ, որ 106-77 արդիւնքով յաղթեց Պոսթըն Սելթիքսի, արձանագրեց իր 15-րդ յաջորդական յաղթանակը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Մեթ Պառնզ եւ Ժամալ Քրոֆորտ յաջորդաբար նշանակեցին 21 եւ 17 կէտ: Սելթիքսի մարզիկ Քեւին Կառնեթ նշանակեց 16 կէտ:

Երէկուան երկրորդ մրցումը, որ իրարու դէմ հանեց Օքլահոմա Սիթին եւ Տալաս Մավըրիքսը, աւարտեցաւ առաջինին յաղթանակով, որ երկարաձգման ընթացքին 111-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 40 կէտ:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք
Ինտիանա Փէյսթըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Պրուքլին Նեթց – Շարլոթ Հոռնեթց
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս
Նիւ Օրլինզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Տենվըր Նակեթց
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Եութա Ճեզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Նիւ Եորք Նիքս
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES