Անբասիր Ծառայութեան Հոմանիշը (Անահիտ Էքմէքճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

«Ազդակ»-ի կայքէջէն կ՛իմանամ տիկին Էքմէքճեանի մահուան մասին: Առաջին հակազդեցութիւնս կ՛ըլլայ այն, տարօրինակօրէն, որ միտքս կը թեւածէ դէպի Լիբանան, դէպի Էշրեֆիէ, «Ազատամարտ», Սուրբ Յակոբ, «Չաթալպաշեան»… խառն ապրումներ, խառն զգացումներ: Յիշողութիւնս կը հասնի մինչեւ հինգ տարեկան, երբ առանց բացառութեան ամէն կիրակի առաւօտ, գայլիկի տարազով նախքան ակումբ մտնելը պէտք էր մոմ վառէինք եկեղեցին, եւ ո՛ւր, ահաւասիկ, նստած էր տիկին Էքմէքճեանը` իւրայատուկ ժպիտով, յատուկ գուրգուրանքով, մայրական վերաբերումով բոլորին, յատկապէս երեխաներուն նկատմամբ:

Տարիները անցան, հասակ առինք, այդ շրջապատին մէջ մեծցանք մէկ խօսքով: Ժամ-պատարագ չկար ակումբ երթալու: Իսկ ատեն մը ոչ թէ երկրորդ տուն, այլ` առաջին տուն դարձած էր այդ վայրը` մեզի համար… Եւ ահա իբրեւ հասուն երիտասարդ` երեխայ-պատանի տարիները, խենթուկ ու չարաճճի տարիները թօթափած, երբ յիշեմ տիկին Էքմէքճեանը, միայն յարգանք, խոր յարգանք կրնամ ունենալ իրեն նկատմամբ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ տիկին Էքմէքճեանը իր լուռ, խուփ, ազնիւ, բարի նկարագիրով, աստուածավախ ու գերհաւատացեալ տիպարով անդադար ու անընդմէջ ծառայեց իր ազգին, իր համայնքին` եկեղեցւոյ ճամբով: Հարիւր տոկոս բանաւոր բացակայութեան մը պարագային, որ թէեւ կ՛ըլլար հազուադէպ, մարդ չէր մնար, որ չհարցնէր. «Ո՞ւր է տիկին Էքմէքճեանը»: Որովհետեւ տիկին Էքմէքճեանը հոմանիշ դարձած էր բոլորիս սիրելի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ` ամբողջ կեանք մը կապելով այդ եկեղեցւոյ ծառայութեան:

«Քիչեր կան, քիչեր կը մնան այսօր նման անշահախնդիր ծառայութեան հաւատարիմ: Եւ այդ ծառայութիւնն է, որ անմահ կը դարձնէ զանոնք: Նուիրաբերումի, յանուն հաւաքական մեր կեանքի գոյատեւման ես-ը, անձնական հանգիստը զոհելու, նուիրաբերելու այս վարքագիծն է, որ յարգանք կը պարտադրէ բոլորին, որ օրինակելի եւ ուսանելի է մնացողներուն համար: Ահաւասիկ ա՛յս մտածողութեամբ ու ա՛յս տրամադրութեամբ կ՛ընկալեմ մահը մեծայարգ տիկին Էքմէքճեանին եւ կը խոնարհիմ անոր վեհ վաստակին առջեւ: Ու մահուանդ տխուր առիթով,  որդւոյդ` կուսակից ընկերոջս Յակոբին, դուստրերուդ, կուսակից թոռներուդ, հարազատներուդ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ու ընդհանրապէս Էշրեֆիէի հայութեան անգամ մը եւս կը յայտնեմ խորազգաց ցաւակցութիւններս եւ քեզի` տիկին Էքմէքճեան կ՛ըսեմ վերջին անգամ ըլլալով` վարձքդ կատա՛ր, ննջէ՛ խաղաղ: Վստահ եմ, որ անդենականէն կը շարունակես հսկել բոլորին` նոյն հեզահամբոյր ու մայրական ժպիտովդ: Յարգա՛նք քեզի:

Փարիզ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )