Հենրիխ Մխիթարեան Լաւագոյնը` Ուքրանիոյ Մէջ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան ճանչցուեցաւ Ուքրանիոյ «Փրեմիեր լիկա»-ի 2012 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Իր այս լուրը քաղելով ուքրանական «Քոմանտա» պարբերաթերթէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ այս ընտրութեան մասնակցած են 16 խումբեր, ինչպէս նաեւ 15 մարզիչներ եւ ֆութպոլիստներ:

89 թեկնածուներու պայքարին մէջ 364 կէտ ապահովելով առաջին դիրքը գրաւած է հայազգի միջնապահը:

Մխիթարեան Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ցարդ նշանակած է 18 կոլ:

Ներկայ դրութեամբ Մխիթարեանի փոխանցման գումարը կը գնահատուի 17 միլիոն եւրոյով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES