Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին (չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբերին), Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ աւելիով պիտի ընդարձակէ իր աշխատանքը եւ պիտի շարունակէ իր քննութիւնները այն մարզիկներուն եւ պատասխանատուներուն շուրջ, որոնք մրցումներուն արդիւնքները կեղծած են եւ զեղծարարութիւններ կատարած:
Կազմուեցաւ յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի Ախա Հարեթ Հըրէյք – Շարք մրցումին (Գ. դասակարգ) մանրամասնութիւնները բացայայտելու հարցով:
Ֆետերասիոնին որոշումով, Ժապալ Մաժտալպաանայի պատասխանատուներէն Ալաա Ապտել Խալեք մէկ տարիով կախակայուեցաւ` իրաւարարին հրած ըլլալուն պատճառով:
Յայտարարուեցաւ, որ Ասիոյ ֆութպոլի կրտսերներու (14 տարեկանէն վար) ախոյեանութեան Ա. խմբակի զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան Օմանի մէջ, 28 փետրուարէն 12 մարտ 2013-ին` մասնակցութեամբ Լիբանանի, Պահրէյնի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, հրապարակուեցաւ նաեւ Ա. դասակարգի 4-րդ հանգրուանէն յետաձգուած մրցումներուն յայտագիրը: Սոյն մրցումները տեղի պիտի ունենան 5-6 յունուար 2013-ին:
Նշենք, որ թէեւ հրապարակուեցաւ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (29-30 դեկտեմբեր 2012), սակայն ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այս շաբաթավերջին մրցում չունի կատարելիք:
Ստորեւ կու տանք ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած մրցումներուն յայտագիրը.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Իժթիմահի – Թատամոն Սուր 2:15 Թրիփոլի
Սաֆա – Թրիփոլի 3:30 Պէյրութ
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Ախա Ահլի Ալէյ – Շապապ Սահել 2:15 Պհամտուն
Սալամ Սուր – Շապապ Ղազիէ 2:15 Սուր
Ահտ – Ռասինկ 2:15 Ահտ
Անսար – Նըժմէ 3:30 Մարզական Աւան
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ (ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ)
ՇԱԲԱԹ, 5 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013
Ախա Ահլի Ալէյ – Թատամոն Սուր 2:15 Պհամտուն
Շապապ Ղազիէ – Շապապ Սահել 2:15 Քֆարժոզ
Թրիփոլի – Ահտ 2:15 Ֆուատ Շեհապ
Սաֆա – Անսար 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013
Սալամ Սուր – Ռասինկ 2:15 Սուր
Նըժմէ – Իժթիմահի 3:30 Սայտա
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 8-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 29 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Շապապ Թրիփոլի – Ահլի Սայտա 2:15 Թրիփոլի
Ահլի Նապաթիէ – Հարաքեթ Շապապ 2:15 Քֆարժոզ
Խըյուլ – Ֆաժըր Արապսալիմ 2:15 Պուրճ Համուտ
ԿԻՐԱԿԻ, 30 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Նեպի Շիթ – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Նեպի Շիթ
Սալամ Զղարթա – ՀՄՄ 2:15 Զղարթա
Ռիատա Ուալ Ատապ – Մաուատտէ Թրիփոլի 2:15 Թրիփոլի
Մապարրա – Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2:15 Նըժմէ

