Լիբանանի Աթլեթիզմի Ֆետերասիոնը Ստացաւ Յատուկ Սարքեր. Այցելութիւն Նախարար Քարամէի Եւ Խիամիի

Երէկ` ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը ստացաւ մարզական յատուկ սարքեր` Ֆրանսախօս երկիրներու խաղերը հիւրընկալելէն երեք տարի ետք (2009):

Ֆետերասիոնը այս սարքերն ու աթլեթիզմի վերաբերեալ կազմածները ստացաւ Մարզական աւանին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն` Ռեմոն Թումայի, Անտրէ Նասսուրի եւ Մուսթաֆա Պաղտատիի:

Անոնցմէ բացի ներկայ էին նաեւ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի եւ ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուի:

Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնէն պատուիրակութիւն մը այցելեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամիի` անոնց շնորհակալութիւն յայտնելու նիւթական այն նպաստին համար, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ֆետերասիոնը պիտի ստանայ նախարարութենէն:

Այս առիթով աթլեթիզմի պատուիրակութիւնը նախարարէն խնդրեց, որ մայիս 2013-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք Արեւմտեան Ասիոյ կրտսերներու եւ երիտասարդներու ախոյեանութեան հովանաւորութիւնը ստանձնէ:

Share this Article
CATEGORIES