50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1962)

Խմբագրական

Բեղմնաւոր Տարին

Ամանոր է նորէն:

Իւրաքանչիւր անհատ, կազմակերպութիւն, ժողովուրդ հաշուի պիտի նստի ինքն իրեն հետ` միայն ի՛րը եղող գործի մը հաշուեփակը կատարելու, որպէսզի անցնող երեք հարիւր վաթսունհինգ օրերու գումարէն բխող դասերը տրամաբանական եզրակացութիւններու բերէ` ի խնդիր լաւագոյն գալիքի մը կերտումին:

Եթէ փորձենք կատարել հաշուեփակը լիբանանահայ ազգային կեանքին, անժխտելիօրէն պիտի հաստատենք, թէ 1962-ի ընթացքին հիւրընկալ այս երկրին մէջ հայութիւնը շարունակած է վերելքը, նոր եւ անզուսպ թափով մը, եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ առ հասարակ` հանրային բոլոր մազերէն ներս:

Անվարան կրնանք ըսել` թէ ազգային կեանքի բարգաւաճման ու վերելքի տեսակէտէն, 1962 տարին հանդիսացաւ անկիւնադարձ մը` նոր յոյսերու եւ նոր նուաճումներու իր անբաղդատելի վաստակով: Վերոյիշեալ բոլոր մարզերէն ներս, հայութիւնը, հաւաքաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեամբ, Ազգային առաջնորդարանով, անոնց ենթակայ մարմիններով ու խորհուրդներով, եկեղեցիներով ու վարժարաններով կտրեց նոր հանգրուաններ, նուաճեց նոր բարձունքներ, որոնք լաւատեսութեան բազմաթիւ պատճառներ կու տան մեզի:

Եկեղեցական մարզէն ներս կատարուեցան յիշատակութեան արժանի աշխատանքներ` բարձր հովանաւորութեանը ներքեւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին եւ անխոնջ ու անսակարկ նուիրումովը լիբանանահայոց առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի, որոնք ձեռք ձեռքի ու սիրտ սրտի` նորանոր ծրագիրներ կեանքի կոչեցին ի պայծառութիւն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ: 1962-ի ընթացքին ձեռնարկուեցաւ բազմածախս նորոգութեանը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին եւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ, որոնք այսօր դարձած են լիբանանահայ գաղութի բարգաւաճման ամէնէն վաւերական արտայայտութիւնը հանդիսացող աշխատատեղիներ: Դարձեալ այս տարուան ընթացքին է, որ աւարտեցաւ շինութիւնը Թրիփոլիի եկեղեցիին եւ ներկայիս  վերջին յարդարանքներուն միայն կը սպասէ Այնճարի հոյակերտ եկեղեցին` արժանի աղօթավայրը Մուսա Լերան հերոսական ժողովուրդին:

Կրթական մարզէն ներս` նոյն խրախուսիչ եւ սրտապնդիչ երեւոյթը: Անցնող տարուան փետրուարը պէյրութահայութեան տուաւ աւետիսը  իշխանավայել նուիրատուութեան մը, որով պէյրութահայ երեսփոխան Սուրէն Խանամիրեան յանձն կ՛առնէր ամբողջական ծախսը ազգային քոլեճի մը շինութեան, Ս. Նշանի հողին վրայ, դպրոցական զանազան բաժիններով եւ արդիական սարքաւորումներով: Գարնան ուրախութեան նոր առիթ մը տրուեցաւ, այս անգամ` Պուրճ Համուտի հայութեան, որ նոյնպէս պիտի ունենայ իր քոլեճը` շնորհիւ քալիֆորնիաբնակ ազնուասիրտ հայուհիի մը` Սոֆիա Յակոբեանի եւ Քալիֆորնիոյ Հայ կրթական հիմնարկութեան մեծագումար նուիրատուութեանց:

Անկախ այս երկու քոլեճներէն, որոնց իրականացման մէջ մեծ բաժին ունեցաւ առաջնորդ սրբազանը, Լիբանանի ազգային գրեթէ բոլոր վարժարանները 1962-ի ընթացքին ձեռնարկեցին շինարարական անհրաժեշտ նորոգութիւններու, որոնք կարելի դարձան շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան յատկացումներուն: Լիբանանի հայ գաղութը կրցաւ արժանաւորապէս յայտնել իր երախտագիտութիւնը: Հիմնարկութեան վարիչներուն` յանձին մեր երկրորդ հայրենիքի նախագահին, որ լիբանանեան բարձրագոյն շքանշաններով գնահատեց անոնց բարեսիրական եւ կրթանուէր գործունէութիւնը:

Դարձեալ կրթական մարզէն ներս, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքն ու Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանը արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւններ` լաւագոյնս կատարելով իրենց առաքելութիւնը:

Այլ կալուածներու մէջ, Ազգային իշխանութիւնները, գլխաւորութեամբ նախագահ առաջնորդին եւ քաջալերութեամբն ու օրհնութեամբը վեհափառ կաթողիկոսին, մշակած են նոր ծրագիրներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը կը հանդիսանայ, անկասկած, Ազգային առաջնորդարանի նոր շէնքի մը կառուցումը` վայել լիբանանեան բարգաւաճ           գաղութին:

Այս բոլորին վրայ, իբրեւ Նոր տարուան լաւագոյն նուէրը լիբանանահայութեան, եկան աւելնալու իշխանական զոյգ նուէրները Միսաք Ազիրեանի, որ Մար Մխայէլ թաղի իր մէկ հասութաբեր կալուածը նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արժանանալով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարերարի տիտղոսին, իսկ Նոր Սիսի իր ընդարձակ կալոածը նուիրեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` յանձն առնելով միաժամանակ այդ կալուածին վրայ կառուցել արդիական մեծ սրահ մը եւ խանութներ:

Երբ այս ուրախալի լուրով կը փակենք հին տարին, վստահ ենք, որ 1963 տարին պիտի գերազանցէ նախորդը: Հայութեան ծով կարիքներուն դիմաց` գրպանով ու սրտով հարուստ մեր հայրենակիցները պիտի գիտնան դրական կեցուածք ունենալ, միշտ այն խոր գիտակցութեամբ, թէ մարդ տալով կը մեծնայ ու նուիրումով կը լիանայ:

Այս վստահութեամբ կ՛ողջունենք Նոր տարին, գալիքին լուսապայծառ դէմքը:

 

Նոր Տարուան Պարգեւը Լիբանանի Հայութեան

 Միսաք Ազիրեանի
Իշխանական Նուէրները

Իր բազմազան բարերարութիւններով ծանօթ եւ բոլորի յարգանքին ու գնահատանքին արժանացած մեծասիրտ հայորդին Միսաք Ազիրեան իր նուիրատուութեանց երկար շարքին վրայ նոր շքեղանք մը աւելցուց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիոկսարանին նուիրելով Մար Մխայէլ թաղի իր թանկարժէք եւ հասութաբեր կալուածներէն մէկը, 850 կանգուն տարածութեան վրայ:

Այս առթիւ վեհափառ կաթողիկոսը պաշտօնական գրութեամբ մը Միսաք Ազիրեանը արժանացուց «բարերար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի» տիտղոսին:

Միսաք Ազիրեան իր երկրորդ նուիրատուութեամբ արժանացաւ Լիբանանանահայ օգնութեան խաչի անհուն երախտագիտութեան: Արդարեւ, Ան Նոր Սիսի իր ծանօթ կալուածը նուիրեց Օգնութեան խաչին` միաժամանակ ստանձնելով այդ կալուածին վրայ կառուցուելիք ընդարձակ սրահի մը եւ գետնայարկի բաժանումներուն ամբողջական ծախքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )