ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑՈՒՄԸ ԽԹԱՆ` ՆՈՐԱՆՈՐ ՓՈՐՁԵՐՈՒ
Կառավարութեան կազմութեան ձգձգումն ու խոչընդոտները իրենց տնտեսական ու ընկերային հետեւանքներով առանցքը կը կազմեն ոչ միայն լիբանանցի վարիչներու խորհրդակցութեանց, այլեւ` համայն լիբանանցի ժողովուրդին, որ մտահոգ է իր օրապահիկի հայթայթումով: Վառելանիւթի սակագինի վերջին մագլցումը երէկ եկաւ առաւել եւս շեշտելու տնտեսական այդ մտավախութիւնները:
Այս ծիրին մէջ փոխադարձ թեր ու դէմ յայտարարութիւնները շարունակուեցան երէկ` իւրաքանչիւր կողմ փորձելով արդարացնել իր տեսակէտը:
Այս ծիրին մէջ երէկ աշխուժացան թափուած ջանքերը եւ խորհրդարանի նախագահի խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Պաապտայի պալատին մէջ:
Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, Պըրրի կը փափաքի «ունենալ» ուժանիւթի նախարարութիւնը, սակայն ան այս գծով որեւէ ակնարկութիւն չկատարեց` շարունակելով նախանցեալ օրուան իր յուսալքուած տպաւորութեան դրսեւորումը:
Նոյն մթնոլորտին մէջ էր նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ խորհրդարանական յանձնախումբի մը նիստին մասնակցելու նպատակով խորհրդարան այցելած ու տեսակցած էր նաեւ Պըրրիի հետ: «Երկիրը եւ ոչ թէ Պըրրին յուսահատական կացութեան մէջ է», լուսաբանեց զօր. Աուն:
Իսկ երեկոյեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ, զօր. Աուն վերահաստատեց իր մտահոգութիւնները կառավարութեան կազմութեան արգելքներուն գծով` շեշտելով իր անզիջող կեցուածքը` նախօրօք յայտարարած իր գլխաւորած համախմբումի իրաւունքներուն գծով:
«Միքաթի` իբրեւ մեծամասնութեան կողմէ նշանակուած վարչապետ, պէտք է յարգէ այդ մեծամասնութեան կարծիքները եւ արտախորհրդարանական անուններ չներկայացնէ իբրեւ նախարարութեան թեկնածու: Սլէյման եւ Միքաթի պէտք է ապահովեն իրենց կազմելիք կառավարութեան մեծամասնութիւնը, շարունակեց երեսփոխան զօր. Միշել Աուն` նշելով, որ ինք անձնական ոչ մէկ հարց ունի Միքաթիի հետ: «Ես կը պահանջեմ Թաէֆի կիրարկումը խորքով եւ էութեամբ, այլապէս` բարեփոխենք զայն», շեշտեց զօր Աուն: «Հաւանաբար զիջինք իշխանութենէն, բայց երբեք չենք զիջիր մեր բարեկարգումի ծրագիրէն», աւելցուց Աուն` «Օ. Թի. Վի.» կայանին հետ ունեցած իր պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին: Զօր. Աուն խիստ վտանգաւոր նկատեց Միքաթիի` «կատարուած իրողութեան» կառավարութիւն մը կազմելու միտումները` նշելով, որ ան (Միքաթի) ենթակայ է արտաքին ազդեցութեան:
Միւս կողմէ, զօր. Աուն դիտել տուաւ, որ նախագահ Սլէյման խախտած է իր նախկին չէզոք դիրքը, եւ այս գծով կը լսենք «Ուիքիլիքս»ի քողազերծած բացայայտումները:
«Երկիրը կ՛ապրի երկու հակադիր ուղեգիծերու երկունքին մէջ, առաջին վարքագիծը կ՛ուզէ անհետանալ, մինչ միւսը` վերածաղկիլ», ընդգծեց Աուն:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յիշեցուց ըսելով. «Բոլորս նոյն նաւակին մէջ ենք եւ որեւէ ճեղք բոլորս կը մղէ ընկղմելու եւ խեղդուելու»: Ան թելադրեց հասկացողութեան գալով յարմար լուծումի մը յանգիլ:
Միւս կողմէ, «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին կատարած իր յայտարարութեամբ Միքաթի վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը կառավարութեան կազմութեան գծով` ընդգծելով, որ յառաջիկայ 48 ժամերը վճռական են այս գծով: Իսկ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ խիստ մօտալուտ կը նկատեն կառավարութեան կազմութիւնը: «Արդ, ամէն մարդ ըող ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը», շեշտած է Միքաթի: Ըստ Միքաթիի, լուծման «բանալին» կը գտնուի ներքին գործոց նախարարութեան հարցի դասաւորման մէջ:
Միւս կողմէ, պետական նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն «Նաշրա» կայքէջին կատարած իր յայտարարութեամբ դիտել տուաւ, որ արտաքին կողմեր կը փորձեն արգելքներ յարուցել կառավարութեան կազմութեան դիմաց: