ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՓՈՒԹԱՑՆԵԼՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ երեսփոխան Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումներուն ծիրին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Անոնք միասնաբար քննարկեցին երկրի ընդհանուր իրավիճակը` վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:

Մինչ այդ Բագրատունի հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ` միասնաբար խորհրդակցելով լիբանանեան թէ շրջանային հրատապ հարցերուն եւ յատկապէս` կառավարութեան կազմութեան շուրջ: Այս առնչութեամբ Բագրատունի կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն փութացնելու իրենց ճիգերը` բարւօք լուծումի մը յանգելու համար:

Share this Article
CATEGORIES