«Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Աջակցութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2012-ի գիշերը, Պքերքէի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ռայի պատրիարքին եւ Եունան պատրիարքին ներկայութեան միջեկեղեցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամներ եւ քրիստոնեայ համայնքին պատկանող մեծահարուստներ: Հանդիպման նպատակն էր ներկաներուն պարզել խորհուրդին կատարած դերը Միջին Արեւելքի մէջ եւ քաջալերել, որ անհատ մեծահարուստներ իրենց նիւթական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնին խորհուրդի գործունէութեան:

Իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը` իբրեւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահներէն մէկը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն. 1) Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը շրջանին միակ եկեղեցական կառոյցն է, որուն մաս կը կազմեն շրջանի բոլոր եկեղեցիները: Անոր նպատակն է գործակցութիւն յառաջացնել եկեղեցիներուն միջեւ, 2) Խորհուրդի գլխաւոր առաջնահերթութիւններուն կարգին են քրիստոնէական միութեան ամրապնդումը, ընկերային ծառայութիւնը, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը եւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւնը: Ներկայ պայմաններուն մէջ յիշեալ առաջնահերթութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կր ներկայացնեն, 3) Խորհուրդը կամուրջ մըն է քրիստոնէական աշխարհին մէջ` Միջին Արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնէութեան միջեւ: 4) Խորհուրդը կոչուած է շրջանի եկեղեցիներու հաւաքական կամքը եւ ձայնը ներկայացնելու ընդհանրապէս շրջանը եւ յատկապէս քրիստոնէութիւնը յուզող հիմնական հարցերու նկատմամբ:

Վեհափառ հայրապետի խօսքէն ետք ելոյթ ունեցան նաեւ Ռայի եւ Եունան պատրիարքները եւ իրենց տեսակէտները յայտնեցին խորհուրդին գծով` միշտ շեշտելով խորհուրդի գործունէութեան կարեւորութիւնը վեր առնելու հրամայականը:

Յայտնենք, որ այս առիթով վեհափառ հայրապետը նաեւ առանձին խօսակցութիւն մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը եւ յատկապէս Սուրիան ու Լիբանանը յուզող հարցերուն առնչութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )