Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին դեսպան չէ, այլ` գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի առած քայլերը դիւանագիտական գործունէութիւնը կը շրջանցեն եւ կը հասնին միլիսի մը ղեկավարի վարուելակերպին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա մաղթեց, որ կառավարութեան եօթը հոգիները աւարտելու սկսին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց Լիբանանի ազգային միասնականութեան, երկխօսութեան եւ Լիբանանը պահպանելու նպատակով գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կարելի եղածին չափ կը ձգձգեն ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու կարելիութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Թալալ Մերեհպի զարմանք յայտնեց հիւսիսային Լիբանանի դէմ մղուած պայքարին եւ անոր ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի բնոյթ տալու իրականութեան համար:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ հարց տուաւ, որ արդեօք արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանի կառավարութեա՞ն անդամ է, թէ՞ սուրիական վարչակարգի:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Քապալան Քապալան կոչ ուղղեց քաղաքական այնպիսի երկխօսութեան, որ երկրին իւրայատկութիւնը կը պահպանէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի վերանորոգեց ազգային երկխօսութիւն կատարելու իր կոչերը եւ շեշտեց, որ պէտք է անպայման գրաւը դնել Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան վրայ:

ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան ընդգծեց Լիբանանի ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ լիբանանցիներուն դիմաց ազգային երկխօսութենէն բացի այլ ճառ չկայ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումը ձախողեցնող կողմերն են, որոնք պէտք է Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ հաստատեց, որ ինք տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու առումով:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը խզեց Լիբանանի օդային սահմանները եւ թռիչքներ գործեց Մերժահիունի եւ Արքուպի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ուատի Խալետի մօտակայ Շատրա շրջանին մէջ գրաւուած է զէնքի ու զինամթերքի փոխադրակառք մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը պարզապէս պատկեր մըն է, իսկ Հըզպալլային համար զէնքի հարցը սուրբ է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ անկարելի է այս հանգրուանին համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը մշակել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Շաթահ յայտնեց, որ երկրին մէջ տիրող համայնքային վախերը արգելք կը հանդիսանան, որ լիբանանեան վարչակարգը երկրին հարցերը ժողովրդավարական ձեւով լուծէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ յայտնեց, որ ինք կը փափաքի Քեսրուանի մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրել, սակայն վերջնական որոշումը Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պէտք է տայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ հաստատեց, որ պէտք է յանգիլ ընտրական այնպիսի օրէնքի մը, որ բոլոր լիբանանցիներուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը կ՛ապահովէ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել կոչ ուղղեց որդեգրելու նախապէս օգտագործուած ընտրական քարտերը, որոնք կը կրեն քուէարկողին լուսանկարը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ կառավարութիւնը սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ իր պարտականութիւնները չի կատարեր:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կայացնելու` ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Պասեմ Շապ շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ուիսամ Հասանի սպանութիւնը առանց դրդապատճառի չէ կատարուած` աւելցնելով, որ այդ դրդապատճառները բացայայտելու իմաստով կառավարութիւնը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման լիբանանցիներուն յղելիք իր խօսքին մէջ կրնայ յետս կոչել ազգային երկխօսութեան նիստ մը կատարելու իր հրաւէրը` նկատի ունենալով լիբանանեան քաղաքական երկու կողմերուն միջեւ տիրող սուր երկփեղկումը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պարտականութիւնն է արտաքին գործոց նախարարին սկզբունքային ցուցմունքներ տալ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն հարցերը Լիբանանի վրայ ընկերային եւ ապահովական հսկայ ճնշումներ կը բանեցնեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք  աւանդական կերպով հանրապետութեան նախագահութեան թեկնածու պիտի չներկայանայ` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ամէնէն հզօրն է շիիական առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES