«Իպրահիմիի Հետ Քննարկումները Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Փոխզիջումային Լուծման Առիթի Մը Գոյութիւնը Ցոյց Տուին» Ըսաւ Կաթիլով

Կենատի Կաթիլով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով  ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Մոսկուայի մէջ կատարուած քննարկումները Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխզիջումային լուծման առիթի մը գոյութիւնը ցոյց տուած են:

Կաթիլով «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ նշեց, որ Իպրահիմի պատրաստ է սուրիական տագնապի լուծման համար իր մագոգային առաքելութիւնը շարունակելու եւ Ռուսիոյ ու Միացեալ Նահանգներու հետ եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպումներ կատարելու:

Ռուս պաշտօնատարը նշեց, որ այդ հանդիպումները կրնան յունուարին տեղի ունենալ:

Իպրահիմի երէկ յայտարարեց, որ ինք ունի Սուրիոյ տագնապը լուծելու ծրագիր մը, որ «միջազգային ընտանիքի հաւանութեան արժանանալու առիթներ ունի»:

Ան Գահիրէի մէջ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիա այսօր քաղաքական լուծումի կամ դժոխքի ու պետութեան ամբողջական փլուզման միջեւ կը գտնուի»` նշելով, որ «քաղաքական լուծման հիմքերը կը ներառեն զինադադարի հաստատում, ամբողջական լիազօրութեանց տէր կառավարութեան մը կազմութիւն եւ ընտրութիւններու առաջնորդող քայլերու հաստատում»:

Իպրահիմի հաստատեց, որ «բոլոր այս հիմքերուն շուրջ բոլոր մեծ պետութեանց միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ»` զգուշացնելով, որ Սուրիան կրնայ Սոմալիի վերածուիլ` շեշտելով, որ «սուրիական տագնապը եթէ քանի մը ամիս աւելի շարունակուի, միջազգային խաղաղութեան սպառնալիք է»: Այս ծիրին մէջ ան միջազգային ընտանիքը զգուշացուց սուրիական տագնապի հետեւանքներէն, եթէ տագնապին վերաբերեալ ճիշդ վերաբերմունք չցուցաբերուի:

«Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը կը շարունակէ կարելի մնալ, սակայն իւրաքանչիւր օր աւելի կը դժուարանայ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Սուրիա ապագային չի կրնար իշխուիլ, ինչպէս որ անցնող քառասուն տարիներուն իշխուած է:

Իպրահիմի Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց երկխօսութեան սեղանի շուրջ նստելու` աւելցնելով, որ «սուրիական տագնապը պէտք է յառաջիկայ տարի լուծուի»:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա սկսած է ուժեղ ցուցանիշներ ստանալ, թէ Սուրիոյ մէջ տագնապը իր վերջին հանգրուաններուն հասած է` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ արիւնալի եւ անիրաւ հանգրուանը, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը շարունակուի, իր աւարտին կը մօտենայ»:

Էրտողան նշեց, որ սուրիական վարչակարգը «Սքոտ» տիպի հրթիռներու օգտագործման դիմեց, երբ ռմբաձիգները ընդդիմութեան կողմէ օդակայաններու գրաւումէն ետք անկարող եղան գործելու:

Միւս կողմէ, «ՄԻԿնիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Համասի հետ կապ պահող արաբական լրատուամիջոցներու փոխանցումով, երէկ Սուրիոյ մէջ Համասի զինուորական թեւի հրամանատար Մոհամետ Ահմատ Քանիթան սպաննուած է:

Ըստ տեղեկութեանց, 30-ամեայ Քանիթա սպաննուած է անցեալ օր, երբ ընդդիմադիրները յարձակում գործելով գրաւած էին Իտլիպի մէջ սուրիական բանակի ռազմակայաններէն մէկը:

Կը նշուի, որ Քանիթա աշիրեթը պաղեստինեան ամէնէն մեծաթիւ եւ ազդեցիկ աշիրեթներէն մէկն է:

Այդ ընտանիքի անդամները պաղեստինեան մեծ խմբաւորումներու կազմերուն մէջ ներառուած են, ներառեալ` Համասի եւ Իսլամական Ժիհատի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES