Մեհմանփարասթ Իրանեան Եւ Թրքական Գաղտնի Սպասարկութեանց Միջեւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Գործակցութիւնը Կը Հաստատէ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի:
Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին, Մեհմանփարասթ նշած է, որ «ոմանք կը փորձեն թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու զարգացումը արգելակել, որովհետեւ երկու ժողովուրդներուն շահերուն ծառայող ատոր ճիշդ ընթացքէն նեղութիւն կը զգան»` շեշտելով, որ «անոնց յոյսերուն իրականացումը պէտք չէ արտօնենք»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հերքեց այս բոլոր լուրերը` ըստ որոնց, Իրան «ահաբեկիչներուն», այսինքն` ՔԱԿ-ի զինեալներուն օժանդակութիւն կը տրամադրէ` վստահեցնելով, որ «Թուրքիոյ եւ Իրանի նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումն է»:
Ան աւելցուց, որ «ձեռք ձեռքի տուած մեր կարելին պիտի ընենք շրջանին մէջ բռնարարքները արգիլելու համար»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծեց, որ «Թուրքիա մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ յատուկ տեղ ունի»:


