«Եգիպտոսի Տնտեսութիւնը Ծանր Վիճակի Մէջ Է, Սակայն Անոր Փլուզման Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Վարչապետը
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եգիպտոսի տնտեսութիւնը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, սակայն անոր փլուզման մասին խօսիլ կարելի չէ:
«Կրնան առանձին ընկերութիւններ սնանկանալ, սակայն Եգիպտոսը երբեք պիտի չսնանկանայ», ըսած է Քանտիլ:
Ըստ անոր, վերջին ամիսներուն Եգիպտոսի մէջ կատարուող դէպքերը, զանգուածային ցոյցերն ու քաղաքական անկայունութիւնը բացասաբար ազդած են տնտեսութեան վրայ` «վախցուցած են ներդրողները, դանդաղեցուցած են զբօսաշրջութեան մարզի զարգացումը եւ դադրեցուցած են Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ 4.8 միլիառ տոլարնոց վարկի տրամադրման շուրջ բանակցութիւնները»:
Սակայն Եգիպտոսի վարչապետը ընդգծած է, որ միջազգային դրամական ֆոնտի մասնագէտները, որոնք Գահիրէի մէջ կ՛աշխատին, «հաստատած են Եգիպտոսի կառավարութեան` Միջազգային դրամական ֆոնտին ներկայացուցած տնտեսական ծրագիրի արդիւնաւէտութիւնը»: Ան յոյս յայտնած է, որ հիմնադրամին հետ վերջնական համաձայնութիւնը ձեռք պիտի բերուի յունուարին:


