Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Օմար Քարամէի
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Տար Ֆաթուայի կրօնական խորհուրդի ընտրութիւններուն:
Հանդիպումէն ետք միւֆթի Քապպանի եւ Քարամէ կատարեցին յայտարարութիւններ:
Միւֆթի Քապպանի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ Տար Ֆաթուայի ներկայ կրօնական խորհուրդին պաշտօնավարութիւնը աւարտած յայտարարելէ ետք նոր խորհուրդի մը ընտրութիւնները կատարելու գաղափարին:
«Տար Ֆաթուան բոլորին կը պատկանի եւ պէտք չէ զայն քաղաքականացնել», ըսաւ միւֆթին` նշելով, որ այդ ընտրութիւններուն կայացման դէմ կանգնող կողմերը կ՛ուզեն Տար Ֆաթուան սեփականացնել եւ այդ մէկը անկարելի է:
Իր կարգին, Քարամէ հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի լիբանանեան միասնականութեան եւ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին լուրջ նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու ու լուծելու երկրին մէջ տիրող լարուածութիւնը:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան միւֆթին լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ կը մնայ:

