Ժոմպլաթ Կը Հերքէ Զօր. Աունի Հետ Գաղտնի Հանդիպումին Մասին Լուրերը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ ինք գաղտնի հանդիպում մը ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

Ան նշեց, որ ինք նման հանդիպումներու վարժ չէ` աւելցնելով, որ եթէ այդպիսի հանդիպում մը կատարուի, ապա ինք այդ մասին յայտարարութիւն պիտի կատարէ:

Միւս կողմէ, Մուխթարայի մէջ ժողովրդային պատուիրակութիւններու հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Ժոմպլաթ ընդգծեց լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ ազգային երկխօսութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` պահպանել կարենալու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES