Միքաթի-Մանսուր Հանդիպում
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:
Հանդիպումէն ետք Մանսուր յայտնեց, որ արտերկրի լիբանանցիները յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի կարենան մասնակցիլ:
Ան կոչ ուղղեց Ծոցի երկիրներուն վերջ տալու Լիբանան ուղղուելու մասին իրենց քաղաքացիներուն յղած զգուշացումներուն:
Մանսուր շեշտեց, որ 2013-ին Լիբանան իր սահմանները սուրիացի գաղթականներուն դիմաց պիտի չփակէ:
Ազազի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մանսուր շեշտեց, որ իրենք լիբանանցիներու առեւանգումին պատասխանատուն Թուրքիան չեն նկատեր: Ան յայտնեց, որ ընդհակառակն` Թուրքիա կ՛օժանդակէ առեւանգեալները ազատ արձակելու հոլովոյթին:
CATEGORIES Լիբանանեան