Պքերքէի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Զօր. Միշել Աունը

Զօր. Աուն եւ կարտինալ Ռայի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:

Պատարագին ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ կարտինալ Ռայի կոչ ուղղեց լիբանանցի ղեկավարներուն վերջ տալու քաղաքական ցեխարձակումներուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքին, պետութեան եւ ժողովուրդին ճակատագիրին հետ խաղալու փորձերուն:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային երկխօսութենէն վախնալու ոչ մէկ պատճառ կայ: Ան երկրին քաղաքական անձնաւորութիւններէն պահանջեց վերջ տալ գողութեան, փտածութեան եւ մսխումին, ինչպէս նաեւ երկիրը տնտեսապէս քանդելու քայլերուն:

Ապա Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ:

Հանդիպումէն ետք զօր. Աուն շեշտեց, որ ազգային տագնապի պարագային ինք ոչ մէկ հարց ունի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, թէ այլ ոեւէ ղեկավարի հետ հանդիպում ունենալու: Ան նշեց, որ ազգային երկխօսութենէն հեռու մնալը հայրենիքին դէմ գործուած ոճիր մըն է, որուն այլընտրանքը բախումներն են:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ կարեւորը այն է, որ երկրին մեծամասնութիւնը ազգային երկխօսութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնէ` մաղթելով, որ Պքերքէի մէջ մօտիկ ապագային տեղի ունենայ միջմարոնիական հանդիպում մը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ յայտնեց, որ Պքերքէ կատարած իր այցելութեան նպատակը Ռայի պատրիարքը շնորհաւորել է, ինչպէս նաեւ երկիրը յուզող շարք մը կարեւոր հարցեր քննարկելը:

Share this Article
CATEGORIES