Տիգրանակերտի Հայ Աւետարանականները Կը Պահանջեն Իրենց Վերադարձնել Ս. Փրկիչ Եկեղեցին
«Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ հայ համայնքի ներկայացուցիչները 1983-ին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ գրաւուած Տիգրանակերտի հայ աւետարանականներու եկեղեցին վերադարձնելու համար դիմում ներկայացուցած են:
Դիմումը ներկայացուցած է Տիգրանակերտի աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ Ահմեթ Կուվեները, որ «Իհլաս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ եկեղեցին 100-130 տարուան պատմութիւն ունի:
«Այդ եկեղեցին այժմ հարիւրէ աւելի հետեւորդներ ունի, սակայն 1983-ին փակուած է` հետեւորդներ չունենալու պատճառաբանութեամբ: Տասնչորս տարի առաջ դիմեցինք, սակայն անիկա չվերադարձուեցաւ: Մենք կ՛ուզէինք ետ ստանալ եւ վերակառուցել զայն: Այդ ժամանակ տանիքը քանդուած էր, այնտեղ հաւ կը պահէին եւ ներսը կապուած շուն կար», ըսած է Կիւվեներ:
Ան յիշեցուցած է, որ թրքական կառավարութիւնը կը խօսի կրօնական եւ ազգային փոքրամասնութիւններուն կարելիութիւններ տալու մասին` նշելով, որ իրենց խնդրանքն է, որ իրենք ալ աղօթավայր ունենան:

