Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. 1-2 Յունուար 2013-ին` 21-րդ Հանգրուանի Մրցումներուն Յայտագիրը
Մինչ Եւրոպայի տարածքին ֆութպոլիստները իրենց ձմեռնային արձակուրդին մէջ են, անդին Անգլիոյ մէջ ֆութպոլիստները կը մնան Ժիր ու աշխուժ` նկատի ունենալով, որ անոնց յայտագիրը կը մնայ խճողուած` հակառակ տօնական օրերուն:
Արդարեւ, Նոր տարուան յաջորդող օր եւ անկէ մէկ օր ետք տեղի պիտի ունենան ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումները` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
Նշենք, որ փակագիծերուն մէջ նշուած են անոնց գրաւած դիրքերը, մինչ ժամերը պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով.
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 1 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013 ԺԱՄ
Ուեսթ Պրոմուիչ (7) – Ֆուլհեմ (14) 14:45
Մանչեսթըր Սիթի (2) – Սթոք Սիթի (8) 17:00
Սուանզի (10) – Ասթոն Վիլա (17) 17:00
Թոթենհամ (4) – Ռիտինկ (19) 17:00
Ուեսթ Համ (12) – Նորուիչ (11) 17:00
Ուիկըն (16) – Մանչեսթըր Եունայթըտ (1) 17:00
Սաութհեմփթըն (18) – Արսենալ (5) 19:30
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2013
Չելսի (3) – Քուինզ Փարք (20) 21:45
Լիվըրփուլ (9) – Սանտըրլենտ (13) 21:45
Նիւքասըլ (15) – Էվըրթըն (6) 22:00

