Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Բոլոր Մեծերն Ալ Յաղթեցին. Արսենալ` Մեծագոյն Յաղթականը
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ հանդիսացած էր երթի ախոյեան, 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ուեսթ Պրոմուիչը, աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Կերըթ Մաքոլի (9-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ) եւ Ռոպին Վան Փերսի (90-րդ) նշանակեցին Եունայթըտի կոլերը:
Մանչեսթըր Սիթի եւ Չելսի եւս յաղթանակներ արձանագրեցին, սակայն` իրենց դաշտերէն դուրս:
Սակայն 20-րդ հանգրուանին մեծագոյն յաղթականը հանդիսացաւ Արսենալ, որ 7-3 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Նիւքասըլը` 60 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Թէօ Վալքոթ հեթրիք մը իրագործեց (20-րդ, 73-րդ եւ 92րդ)` ի նպաստ Արսենալի:
Լիվըրփուլ եւս յաղթանակ արձանագրեց, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Քուինզ Փարքի դաշտէն:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
Սանտըրլենտ – Թոթենհամ 1-2
Ասթոն Վիլա – Ուիկըն 0-3
Ֆուլհեմ – Սուանզի 1-2
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Ուեսթ Պրոմուիչ 2-0
Նորուիչ – Մանչեսթըր Սիթի 3-4
Ռիտինկ – Ուեսթ Համ 1-0
Սթոք – Սաութհեմփթըն 3-3
Արսենալ – Նիւքասըլ 7-3
Էվըրթըն – Չելսի 1-2
Քուինզ Փարք – Լիվըրփուլ 0-3
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ ԿԷՏ
1.- Մանչեսթըր Եունայթըտ 49
2.- Մանչեսթըր Սիթի 42
3.- Չելսի 38
4.- Թոթենհամ 36
5.- Արսենալ 33
………………………………….
18.- Սաութհեմփթըն 17
19.- Ռիտինկ 13
20.- Քուինզ Փարք 10



