Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժեսի Առաջին Պարտութիւնը Ամշիթէն` 84-66 Արդիւնքով

Ամշիթ – Սաժես մրցումէն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ամշիթ հանդիսացաւ այս տարեշրջանի առաջին խումբը, որ յաջողեցաւ պարտութեան մատնել ցարդ անպարտելի Սաժես Պէյրութը, որ իր կատարած ութ մրցումներուն բոլորին ալ յաղթանակ արձանագրած էր: Նշենք, որ երկու պարտութիւն կրած Ամշիթ արձանագրեց իր 7-րդ յաղթանակը` Ժիպէյլի մէջ 84-66 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը:

Յաղթական կազմին ամերիկացի մարզիկ Անտրէյ Էմեթ նշանակեց 52 կէտ, մինչ Սաժեսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Աարոն Հեփըր (19):

Նշենք, որ շաբաթ օր տեղի ունեցած մրցումին Պիպլոս 97-80 արդիւնքով յաղթեց Հուփսի:

 

Share this Article
CATEGORIES