Վիլանովա 15-20 Օրէն Պիտի Վերադառնայ
Պարսելոնայի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդակցութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ նախորդ 20 դեկտեմբերին քաղցկեղի վիրաբուժութեան ենթարկուած Թիթօ Վիլանովա 15-20 օր ետք պիտի վերադառնայ` ստանձնելու համար մարզիչի իր պաշտօնը:
Պարսելոնայի նախագահ Սանտրօ Ռոսել ըսաւ, որ 44 տարեկան մարզիչը, որ առաջին անգամ 2011-ին այս վիրաբուժութեան ենթարկուած էր, կարճ ժամանակով պիտի շարունակէ մնալ հիւանդանոց` լաւապէս ապաքինելու համար:
Այժմ անոր պաշտօնը, ժամանակաւորապէս ստանձնած է օգնական մարզիչ Ժորտի Ռուրա:
Պարսելոնա իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 6 յունուար 2013-ին, «Լա լիկա»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալելով Էսփանիոլը:
CATEGORIES Մարզական