Ճատրակ. Այնի Մրցաշարք. Տիգրան Քոթանճեան 6,5 Կէտ Ապահովելով Հանդիսացաւ Երրորդ
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Այնի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:
Ան միայն մէկ կէտով ետ մնաց Ֆրանսայի կրանտմասթըրներ Էտուար Ռոմենէն եւ Մաքսիմ Վաշիէլակրաւէն, որոնք ապահովեցին 7-ական կէտ: Թայ-պրէյքի մրցումներուն, Ռոման յաղթանակ արձանագրելով տիրացաւ մրցաշարքի տիտղոսին:
Միջազգային վարպետ Կարէն Գրիգորեան ապահովեց 6 կէտ:
CATEGORIES Մարզական