Քոնկ Ֆու-Ուու-Շու. Լիբանանի Ակումբներու Ս. Ծննդեան Թաու-Լուի Մրցաշարք «Աղբալեան-Հմըմ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու-շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ կարգ մը ակումբներու երկսեռ մարզիկներուն:
2012-2013 տարեշրջանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումներէն ետք, այժմ ակումբներուն վերջնական դասաւորումը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը.
———ԿԷՏ
1.- Անթունիէ Պաապտա 100
2.- Պել Հորիզոն 69
3.- Այնճարի սեւ գօտիներ 41
CATEGORIES Մարզական