Ճատրակ. Կիրակի, 13 Յունուար 2013-ին` Ֆըրն Շըպպեքի Մրցաշարք
Նախորդ շաբաթավերջին Ֆըրն Շըպպեքի Նոթր Տամ վարժարանի ճատրակի յանձնախումբի ընդհանուր պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Էլի Խէյրալլա «Ազդակ»-ի մարզական էջի խմբագիրին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալով տեղեկացուց, որ կիրակի, 13 յունուար 2013-ին տեղի պիտի ունենայ ճատրակի մրցաշարք մը:
Խէյրալլա ըսաւ, որ տեղի պիտի ունենան 8, 10, 12 եւ 14 տարեկանէն վար դասակարգի երկսեռ մրցումներ:
Ան եզրափակեց ըսելով, որ յառաջիկային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հաղորդէ «Ազդակ»-ին:
CATEGORIES Մարզական