Լուսարձակ Եռամեայ Գործունէութեան. «Ազդակ Արաբերէն»-ը Հայութեան Ձայնը Արաբական Լրատուական Դաշտէն Ներս

Սեպտեմբեր 2009-ին, «Ազդակ»-ի համացանցի արաբերէն կայքէջը սկսաւ գործել` լրատուութիւն տրամադրելով արաբական շրջանակներուն եւ գոհացնելով Միջին Արեւելքի մէջ թէ դուրս, արաբախօս հայ մարդոց հետաքրքրութիւնը:

Կայքէջին հիմնական նպատակն էր հայ իրականութեան իսկական պատկերը փոխանցել արաբական լրատուական եւ մտաւորական շրջանակներուն: Կայքէջին խմբագիրն է դոկտ. Նորա Արիսեան:

Առաջին տարին կայքը իր նիւթերուն ներկայացումը կը կատարէր ամսական դրութեամբ: Նիւթերը, ելեկտրոնային ցանցի շնորհիւ կ՛ուղարկէր մեծաթիւ, արաբ թղթակիցներու, մտաւորականներու, գրողներու եւ այլ հետաքրքրուողներու:

2010-ին կայքը սկսաւ իր նիւթերը թարմացնել շաբաթական դրութեամբ, իսկ ներկայիս կը թարմացուի օրական:

Կայքը պարբերաբար բարելաւման ենթարկուեցաւ ձեւաւորման իմաստով` քայլ պահելով օրուան նորութիւններուն հետ:

Պէտք է ըսել, որ բացի կայքի օրական այցելուներէն, դիմատետրի դրութենէն օգտուելով,  «Ազդակ Արաբերէն»-ը ունեցաւ իր յատուկ էջը, ուր տեղադրուած նիւթերը հասանելի կը դառնան անհամար ընթերցողներու, առիթը ընծայելով նաեւ հայկական թեմաներու հրապարակային քննարկման: «Ազդակ Արաբերէն»-ը անմասն չմնաց նաեւ «Թուիթըր»-ի արդիական դրութենէն, որուն շնորհիւ աւելի լայն տարածում ունեցաւ ան:

«Ազդակ Արաբերէն»-ի կայքը կը հրապարակէ հիմնականօրէն խմբագրութեան կողմէ պատրաստուած նիւթեր` հայկական թեմաներով յօդուածներ, տեսակէտներ եւ այլ գրութիւններ, արաբական մամուլի հրապարակումները հայկական թեմաներու մասին, ինչպէս նաեւ` թարգմանաբար «Ազդակ»-ի խմբագրականները եւ կարգ մը այլ նիւթեր, որոնք կը հետաքրքրեն արաբ ընթերցողը:

«Ազդակ Արաբերէն»ի կայքի բաժանմունքներն են.- Խմբագրական, Լուրեր, Հայկական Դաշտ, Կիզակէտ, Արաբ բարեկամները կը գրեն, Հայ Դէմքեր, Յօդուածներ, Թարգմանութիւններ, Հարցազրոյցներ, Գրական բաժին:

Կայքը արագ կերպով անդրադարձած է կարգ մը իրադարձութիւններու ինչպէս` Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, Հայաստանի նախագահի այցին Սուրիա, Լիբանանի նախագահի այցին Հայաստան, ՀՅԴ յայտարարութիւններուն, Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի որոշումին, Արամ Ա. կաթողիկոսի արաբական երկիրներ այցելութեանը, Կաթողիկոսարանի կազմակերպած խորհրդաժողովներուն, Հայկական երեսփոխանական պլոքի գործունէութիւններուն, Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն, Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան, Հայաստանի նախագահի այցին Լիբանան, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն, որոնք առնչուած են հայ կեանքին հետ:

«Ազդակ արաբերէն»-ի պատրաստած նշանակալից նիւթերէն կը նկատուին արաբական մամուլի արձագանգը արաբական երկիրներուն տագնապին մասին եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ֆրանսական օրէնքին մասին Թուրքիոյ դիրքորոշումը:

Կ՛արժէ յիշել, որ «Ազդակ Արաբերէն»-ը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ արաբատառ լրատուական դաշտին մէջ` Արցախի առնչուող ճանաչողական նիւթեր ներկայացնելով, առ այդ` «Ազդակ Արաբերէն»-ի կայքը պարբերաբար կ՛անդրադառնայ Արցախի պատմականին, իրադարձութիւններուն, ազրպէյճանական քաղաքականութեան, սահմանային խախտումներուն եւ, վերջերս, նախագահական ընտրութիւններուն: Բացի այդ, կայքը յատուկ նիւթեր հրապարակած է Խոճալուի, Սումկայիթի եւ այլ իրականութիւններու մասին: Այս իմաստով «Ազդակ Արաբերէն»-ը դարձած է արաբական լրատուական միջոցներուն գլխաւոր աղբիւրը:

«Ազդակ Արաբերէն» կայքը կը փորձէ հեռու մնալ ծայրայեղութիւններէ, միեւնոյն ժամանակ կը ծանօթացնէ հակահայ տրամադրութիւն ունեցող գրութիւնները եւ այդ առնչութեամբ վերլուծումներ ու ճշդումներ կը կատարէ:

Կայքին մէջ տեղադրուած նիւթերուն ընտրութիւնը կը կատարուի նկատի ունենալով արաբ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը եւ զայն Հայ դատի զարգացումներուն իրազեկ դարձնելու «Ազդակ»-ի մօտեցումը: Այս իմաստով, «Ազդակ Արաբերէն»-ը արաբալեզու ընթերցողին նիւթեր կը տրամադրէ հայաստանեան լուրերու տարբեր գաղութներու ձեռնարկներու, արաբական երկիրներու մէջ հայ անուանի անհատներու, Հայ դատի գրասենեակներու եւ յանձնախումբերու  աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` հայ գրականութեան, եկեղեցւոյ եւ արուեստին մասին:

«Ազդակ արաբերէն»-ը նիւթերու բազմազանութիւն պահելու համար իր աշխատանքին մէջ ներգրաւած է հայ  թէ օտար մտաւորականներու եւ ակադեմականներու կողմէ ստորագրուած յօդուածներ եւ գրութիւններ, որոնց շարքին` իրաքահայեր, արեւելագէտներ, մարզական թղթակիցներ, գրողներ Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն:

Նշելի է, որ արաբական կարգ մը կայքեր ու լրատուական միջոցներ կ՛արտատպեն «Ազդակ Արաբերէն» կայքին հրապարակած յօդուածներն ու գրութիւնները:

«Ազդակ Արաբերէն»-ի կայքը իր պարտականութիւնը կը նկատէ հակազդել արաբական մամուլին մէջ յայտնուող հակահայկական լրատուական ալիքին: Հետեւաբար, կայքի խմբագրութեան անունով բողոքի նամակներ կ՛ուղարկուին արաբական այն լրատուամիջոցներուն, որոնք կը խեղաթիւրեն պատմական կարգ մը նիւթեր կամ հակահայ լրատուութիւն կը սփռեն:

Կայքի խմբագրութիւնը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան նամակներ կը ստանայ արաբ անձնաւորութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, ինչպէս նաեւ` արաբախօս հայ անհատներէ, որոնք կը հաստատեն իրենց գոհացումը կայքէն, իբրեւ հայկական նիւթերու սկզբնաղբիւր:

Առ այդ, հայկական լրատուական դաշտին մէջ արաբական աշխարհին հայկական նիւթեր տրամադրող որպէս արաբատառ կայք, «Ազդակ Արաբերէն» այսօր կը նկատուի գլխաւոր ու հիմնական միջոց:

Արդ, «Ազդակ Արաբերէն» կայքը կոչուած է հայ քաղաքական, պատմական եւ մշակութային իրականութիւնը արաբական շրջանակներուն փոխանցողը ըլլալ, մնալով հայութեան ներկայացուցիչը արաբական լրատուական դաշտէն ներս:

www.aztagarabic.com 
Facebook:.  – aztagrabic
Twitter: t.@aztagarabic՛

Share this Article
CATEGORIES